ՊՈՍԹԸՆ, «Հայրենիք».- 12-14 Փետրուարին, Պոսթընի համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ Հայկական Սփիւռքին մասին միջազգային համագումար մը, որուն զուգընթաց, նաեւ կատարուեցաւ աշակերտական մակարդակի հանդիպում-կլոր սեղան:
Այս հանդիպում-հաւաքներուն ընթացքին քննարկուեցան զանազան բնագաւառներու վերաբերող հարցեր: Յայտագիրը կազմակերպուած էր Պոսթըն համալսարանի Հայ արդի պատմութեան եւ գրականութեան «Չարլզ եւ Էլիզապէթ Քենոսեան» ամպիոնին կողմէ, որուն վարիչ-պատասխանատուն է փրոֆ. Սիմոն Փայասլեան:
Յայտագրին մասնակցեցան քառասունէ աւելի մտաւորականներ, որոնք իրենց ուսումնասիրութիւնները ներկայացուցին ներկաներուն: Նիւթերու կարգին էին սփիւռքեան գաղութներու եւ ինքնութեան կերտումն ու մշակումը, սփիւռքեան գաղութներու դերն ու աշխատանքը իրենց հիւրընկալող երկիրներէն ներս, եւ սփիւռքեան մշակոյթներու զարգացումը՝ զուգընթաց ժողովրդական զանազան շարժումներու, ինչպիսին են՝ ազգայնասիրականութիւնը, միջազգայնականութիւնը եւ կնոջական շարժումները:
Ուրբաթ, Փետրուար 12ին, տեղի ունեցաւ աշակերտական հանդիպում-կլոր սեղանը: Յայտագիրը երաշխաւորեցին Հայ արդի պատմութեան ու գրականութեան «Չարլզ եւ Էլիզապէթ Քենոսեան» ամպիոնը եւ «Զօրեան» հիմնարկի Սփիւռքեան ուսումնասիրութիւններու միջազգային բաժանմունքը:
Շաբաթ օրուան յայտագրի ընթացքին ներկայացուեցաւ «Սփիւռքեան ինքնութիւն, մարդկային իրաւունքներ եւ Ցեղասպանութիւն» նիւթը՝ նախագահութեամբ Սիմոն Փայասլեանի (Պոսթըն համալսարան):
Կիրակի օր շարունակուեցաւ Սփիւռքի զանազան հարցեր քննարկող այս գիտաժողովը: