ԹԻՖԼԻՍ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Երեքշաբթի, Մարտ 9ին Վրաստան այցելող ԵԱՀԿի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Ժօաու Սուարես եւ նոյն մարմինին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ու Վրաստանի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Կորան Լենմարքըր, վրացի պաշտօնատարներու հետ խորհրդակցութիւններէ ետք տրուած մամալոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին:
Սուարես յայտնած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու նպատակով, արդէն իսկ յատկանշական քայլեր առնուած են, եւ աւելցուց, թէ այդ գծով յաւելեալ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենան Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութեանց հետ, հարաւային Կովկաս իրենց այս այցելութեան ծիրէն ներս: Ըստ անոր, երկու երկիրները պէտք է «քաղաքական կարգ մը քայլերու դիմեն»՝ խաղաղութեան գոըծընթացը առաջ մղելու համար: