ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երեքշաբթի, Փետրուար 23ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, ընդառաջելով Հնդկաստանի Ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ պետ Պասիլիոս Մարթոմա Տիտիմոս Ա. կաթողիկոսի հրաւէրին՝ մեկնեցաւ Հնդկաստան: Վեհափառ հայրապետը անցնող տարիներուն բազմիցս հրաւէր ստացած էր թէ՛ Հնդկաստանի Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ թէ երկրի այլ եկեղեցիներուն կողմէ, սակայն առիթը չէր ունեցած այցելութիւն կատարելու:
Հինգ օրերու ընթացքին, վեհափառը պիտի այցելէ զանազան շրջաններ, հանդիպումներ պիտի ունենայ հոգեւոր պետերու հետ, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւններ պիտի տայ:
Արամ Ա. վեհափառ նաեւ պիտի այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, յատկապէս Շարժայի, Տուպայի եւ Ապու Տապիի հայ համայնքները: Սոյն այցելութեան ընթացքին վեհափառին պիտի ընկերանան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը, կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական յարաբերութեան բաժանմունքի վարիչ Նարեկ եպս. Ալեէմէզեանը եւ գաւազանակիր Մեսրոպ աբղ. Սարգիսեանը: