ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Փետրուար 22ին սկսաւ Ազգային ժողովի քառօրեայ աշխատանքներուն առաջին նիստը, որուն ընթացքին 107 պատգամաւորներու ներկայութեամբ բուռն քննարկման արժանացաւ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն վաւերացման հարցը:
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան յիշեցուց, որ թէեւ արտաքին գործոց նախարարը խոստացած էր, ըստ իրենց պահանջքին, ներկայացնել արձանագրութիւններուն նախաստորագրման եւ ստորագրման փուլին ընթացքին նախապատրաստուած բոլոր փաստաթուղթերը, սակայն խորհրդարանին յանձնուած փաթեթին մէջ դաշնակցական պատգամաւորները չեն գտած զիրենք հետաքրքրող փաստաթուղթերը:
«Փաստաթղթային հիմաւորումներ չկան, այսինքն՝ խախտուած են այդ արձանագրութիւնների առաջացման փաստաթղթային նախապայմանները եւ ընթացակարգերը: Դրա վերաբերեալ ներկայացուած փաթեթի հետ կից չկայ: Կա՞յ արդեօք յոյս, որ երբ հետագայում սրանք արդէն քննարկուելու առարկայ դառնան, նման փաստաթղթերը այնուամենայնիւ կը տեսնենք, թէ նման յոյս չկայ», հարց տուաւ Վահան Յովհաննիսեան:
Իսկ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան նախագահ Ստեփան Սաֆարեան յայտնեց. «Այս արձանագրութիւնների կնքման ընթացակարգերը խախտուել են, իսկ Սահմանադրական դատարանը (ՍԴ) որեւէ կերպ չի նայել այդ արձանագրութիւնների կնքման օրինականութեան հարցը: Այստեղ նստած բոլոր պատգամաւորները, յամենայնդէպս ով գալիս է աշխատանքի, հրաշալի քաջատեղեակ են, թէ միջազգային պայմանագրերի մասին օրէնքի ինչպիսի՛ խախտումներով են կնքուել, ստորագրուել, նախաստորագրուել հայ-թուրքական արձանագրութիւնները: Դա ուղղակի արժանի է քաղաքական գնահատականի մի մարմնի կողմից, որը Ազգային ժողովն է»:
Իր կարգին Հանրապետական պատգամաւոր Համլէտ Յարութիւնեան գործընկերներուն յիշեցուց, թէ կայ ՍԴի որոշում, որուն համաձայն, արձանագրութիւնները չեն հակասեր ՀՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն:
«ՀՀ ՍԴն անդրադարձել է արձանագրութիւնների բովանդակութեանը, բայց յենուել ՍԴ միայն մէկ նախադասութեան վրայ, թէ՝ այն չի հակասում ՀՀ Սահմանադրութեանը՝ արդար չէ: Այո, ՍԴ որոշումը վերջնական է, անբեկանելի է, բայց արդեօ՞ք անթերի է: Մենք չպէտք է ելնենք այն կանխաւարկածից, որ նրանց գրուածը անպայման Աստուածաշունչ է: Այդ ընթացակարգերի խախտման վաւերացման փուլում պէտք է անդրադառնանք մենք՝ ԱԺն», Հանրապետական պատգամաւորին հակադարձելով ըսաւ Վահան Յովհաննիսեանը:
Միւս կողմէ, նոյն օրը խորհրդարանը կրկին անդրադարձաւ օրէնսդրական այն փաթեթին, որ կ՛ենթադրէր ութ նոր հարկատեսակի սահմանում։
Նշենք, որ նախորդ քառօրեայի աշխատանքներուն ընթացքին պատգամաւորները խիստ քննադատած էին օրէնսդրական այս նախաձեռնութիւնը եւ որոշած՝ քուէարկութիւնը յետաձգել 15 օրով՝ կառավարութեան հետ ընդհանուր յայտարարի մը գալու համար:
Խորհրդարան վերադարձած օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը արժանացաւ Ազգային ժողովի բուռն քննարկման, որուն ընթացքին կառավարութիւնը որոշեց կրկին վերցնել նոր հարկատեսակներէն 6ը, եւ ձգել միայն երկուքը՝ հիւրանոցային եւ ինքնաշարժներու կանգառներուն հարկը:
«Մենք տեսնում ենք, որ եթէ մի նախագծից, որ բերուած էր 8 հարկատեսակ, հնարաւոր եղաւ մէկ օրում 6ը դէն գցել, ուրեմն նշանակում է՝ այդ նախագիծը լաւ մշակուած չէր: Մենք ցանկանում ենք տեսնել ամբողջական փաթեթ», յայտնեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեանը, որուն կարծիքին համաձայն էին նաեւ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները, «Բարգաւաճ Հայաստան»էն Վարդան Բոստանջեանը, իսկ անկախներէն՝ Վիքթոր Դալլաքեանն ու Սամուէլ Բալասանեանը:
Այս տեսքով եւ այս ձեւի մէջ ներկայացուած օրէնսդրական նախաձեռնութեան դէմ էր Դաշնակցութիւնը, իսկ «Ժառանգութիւն»ը՝ ձեռնպահ: Իբրեւ արդիւնք, 71 կողմ, 20 դէմ, 7 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ, կառավարութեան ներկայացուցած օրէնսդրական փաթեթը ընդունուեցաւ առաջին ընթերցումով: