«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը Փետրուար 22 թուակիր յատուկ հաղորդագրութեամբ մը անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի՝ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու հետ հանդիպման հարցին:
Ստորեւ կը հրատարակենք սոյն հաղորդագրութիւնը.
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ծրագիրը՝ պաշտօնապէս հանդիպելու ամերիկահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, ինքնին դրական զարգացում մըն է, զոր հարկաւոր է արդիւնաւորել հնարաւոր առաւելագոյն տարողութեամբ:
Այս իսկ ունենալով իբրեւ մեկնակէտ, թերի, նպատակավրէպ եւ մտահոգիչ կը համարենք ծրագրեալ հանդիպման սկզբ-նական տարազումը՝ մասնակցութեան հրաւէր ուղղելու խիստ սակաւ թիւով «առանձնաշնորհեալ» հայկական կազմակերպութիւններու, որոնք, համագումար կերպով իսկ, շատ հեռու են ամերիկահայութեան մեծամասնութիւնը ներկայացնելէ եւ որոնց առաքելութիւնն ու գործունէութեան ծիրը հիմնովին ապաքաղաքական բնոյթ կը կրէ:
Գօտեպնդիչ է հաւանական այն երեւոյթը, թէ ընթացք տալով այդ կապակցութեամբ կատարուած պաշտօնական դիմումներուն՝ արտաքին գործոց նախարարութիւնը «յետաձգուած» հանդիպման վերակայացուած տարբերակին մասնակցելու հրաւէր պիտի ուղղէ ամերիկահայ բոլոր կազմակերպութիւններուն, եւ ի մասնաւորի՝ իրենց սահմանումով իսկ քաղաքական կեանքի հետ առանձնապէս եւ անմիջականօրէն առնչուող ազգային մեր աւանդական կուսակցութիւններուն:
Միայն այս տարազումով է, որ կ՛ապահովուի ամերիկահայութեան իրաւ եւ վաւերական միասնականութիւնը, որ կենսական եւ անշրջանցելի նախապայման է ի խնդիր ազգային գերագոյն շահերուն:
Համոզուած ենք, որ ճակատագրական այս օրերուն, պիտի յաջողինք ձերբազատիլ հատուածական, պարագայական եւ փառասիրական քմահաճոյքներէ, միահամուռ կերպով դիմագրաւելու համար ազգովին մեզ յուզող գլխաւոր խնդիրները:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ
ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ