ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Վաթան» օրաթերթը, Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հրէական ազդեցիկ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ խորհրդակցելէ ետք, կը գրէ, որ այս տարի հրէական լոպպին ջանքեր պիտի չթափէ, որպէսզի կասեցնէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի որդեգրումը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ:

Ըստ թերթին, այս իրողութեան պատճառը վերջին ամիսներուն թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մէջ նկատուող լարուածութիւնն է։
Հրէական լոպպիական կազմակերպութիւններէն մէկուն ներկայացուցիչը «Վաթան»ի լրագրողին ըսած է, թէ ճնշումներ պիտի չըլլան քոնկրեսականներու վրայ, Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը խոչընդոտելու նպատակով։ «Թող ոչ ոք ակնկալէ, որ հրէական կազմակերպութիւնները պիտի պայքարին յանուն Թուրքիոյ։ Ճիշդ է՝ մենք չենք աշխատիր բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու ուղղութեամբ, սակայն միաժամանակ դէմ պիտի չդնենք անոր»։
Թրքական օրաթերթին հետ հարցազրոյցին մէջ, հրէական ամէնէն ազդեցիկ լոպպիական կազմակերպութիւններէն՝ «AIPAC»ի ներկայացուցիչներէն մէկը, որուն անունը չի նշուիր, յայտարարած է, որ «Այս տարի մենք մատը մատին պիտի չզարնենք» այս գծով։
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա բարեկամութեան խումբի նախկին համանախագահ Ռապըրթ Ուեքսլըր ըսած է, թէ առայժմ յստակ չէ բանաձեւին նկատմամբ Օպամայի վարչակազմին դիրքորոշումը։
Թուրք-ամերիկեան խորհուրդի նախագահ, Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճէյմզ Հոլմզ, իր կարգին յայտնած է, որ այս տարի Ցեղասպանութեան բանաձեւը «պիտի փորձեն ընդունիլ մեծ արագութեամբ եւ նոյնիսկ գաղտնի քուէարկութեամբ»։
Միւս կողմէ, թրքական «Սապահ» թերթը կը գրէ, թէ Հայաստանի հետ սերտ համագործակցութիւնը կրնայ նպաստաւոր ըլլալ Թուրքիոյ համար։ Օրաթերթը, անդրադառնալով Ցեղասպանութեան բանաձեւին՝ կը գրէ, որ արձանագրութիւնները վաւերացնելու գործընթացին սառեցումը եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը իբրեւ նախապայման յառաջ քշելը, հայկական «ջրաղացին ջուր կը լեցնէ»։ Ըստ թերթին, հայկական բանաձեւին ձախողութիւնը ապահովելու ամենաազդեցիկ միջոցը Երեւանի հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններու հաստատումն է:
«Թրքական դիւանագիտութիւնը պէտք է մտածէ արձանագրութիւններէն անկախ որոշ քայլեր իրականացնելու կառուցողական քայլերու մասին։ Օրինակ՝ պէտք է աջակցիլ Հայաստանի հետ մշակութային նախաձեռնութիւններուն։ Պէտք է հայ լրագրողներուն, գիտնականներուն, արուեստագէտներուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն հրաւիրել Թուրքիա։ Չմոռնանք՝ Հայաստանի հետ իրականացուելիք որեւէ դրական քայլ պիտի նպաստէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Թուրքիոյ աշխատանքներուն», կը գրէ թերթը, ըստ որուն, Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընթացքը դադրեցնելու համար, «Ուաշինկթըն կը պահանջէ սկսիլ թրքական խորհրդարան ուղարկուած արձանագրութիւններու վաւերացման»։
Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ նոր դեսպան Նամըք Թան, Փետրուար 24ին նախագահ Օպամային պիտի յանձնէ իր հաւատարմագրերը եւ կ՛ակնկալուի, որ հանդիպման ընթացքին ան Օպամային փոխանցէ նաեւ բանաձեւին նկատմամբ իր երկրին մտահոգութիւնները։ Թան կը պատրաստուի նաեւ այս նպատակով քոնկրեսականներու եւ հրէական լոպպիի ներկայացուցիչներու հետ խորհրդակցելու:
Վերջապէս, Կիրակի օր, Պոլսոյ թաղերէն մէկուն մէջ ծածանեցաւ հսկայ պաստառ մը, որուն վրայ երկու լուսանկարներու մէկտեղումով այն տպաւորութիւնը ստեղծուած է, թէ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեզ կը խոնարհի Թուրքիոյ վարչապետին առջեւ: