ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի նախագահի նախաձեռնած «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» հետապնդած նպատակներէն մէկը Հայաստանը միջազգային քաղաքական բեմի վրայ դերակատար դարձնել ու անոր միջազգային քաղաքական կշիռը ծանրացնել էր, եւ կը շարունակէ ըլլալ՝ ի հեճուկս ազգային ու պետական շահերուն:
Ինքնանպատակ դարձած այս նախաձեռնութիւնը մինչեւ վերջ տանելու Հայաստանի իշխանութեանց վճռականութիւնը իսկապէս նախանձելի է: Երանի թէ մեր պետութեան ղեկավարները նոյն վճռականութեամբ ձեռնամուխ ըլլային պետական կարեւորագոյն այլ օրակարգերու հետապնդմուին, ինչպէս օրինակ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը, ընտրակեղծիքներու կանխումը, տնտեսութեան բարելաւումը, ընկերային անարդարութեան ու կաշառակերութեան վերացումը:
Այս օրակարգերու հետապնդումը, անշուշտ, միջազգային լուսարձակներու տակ չեն բերեր մեր ղեկավարները ու չեն գոհացներ անոնց սնափառ ձգտումները: Սակայն, Հայաստանի տարածաշրջանային յատկանիշները, ղարաբաղեան հակամարտութեան տրուած միջազգային կարեւորութիւնը, ապա եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներու համամարդկային նշանակութիւնը շատ դիւրութեամբ կրնան հայ քաղաքական ղեկավարներուն ապահովել նոյնքան միջազգային ուշադրութիւն, եւ նոյնքան լուսաւոր պսակներ:
Նկատեցէ՛ք՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին յառաջացուցած միջազգային արձագանգը, մամլոյ գործակալութեանց հետաքրքրութիւնը, թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու մէջ ստեղծուած լարուածութիւնը: Այս բոլորը՝ առանց պետական աջակցութեան, հայկական համայնքի մէջ գործող կազմակերպուած ուժի մը հնարաւորութիւններով: Ահա աշխատանքի դաշտ մը, ուր Հայաստանի իշխանութիւնները, փոխելով իրենց ցարդ որդեգրած անտարբեր հանդիսատեսի, կամ լաւագոյն պարագային՝ ծափահարողի կեցուածքը՝ կրնան Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքները աննախընթաց մակարդակներու հասցնել, Հայաստան պետութեան եւ իրենց համար ապահովելով նոյնքան եւ աւելի միջազգային քաղաքական կշիռ, որքան «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» միջոցաւ ակնկալուածը, խնայելով մեր ժողովուրդին այն բոլոր վնասներն ու վտանգները, որոնք պիտի թափին մեր գլխուն՝ այդ «դիւանագիտութեան» շնորհիւ: