Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Ինչո՞ւ համար կիները բարձր հաւանականութիւն ունին տագնապելու սրտի անհանգստութիւններով, գերճնշուածութեամբ կամ կուրծքի քաղցկեղով՝ միաժամանակ: Շատ կիներ տեղեակ ալ չեն նման հաւանականութիւն դիմագրաւելու մասին:
Երեւակայեցէք կեանք մը առանց հիւանդութեան, որքան հաճելի կրնայ ըլլալ, որովհետեւ ազատ կ՛ըլլաս որեւէ շարժում կատարելու եւ կամ եռանդուն ու աշխոյժ առօրեայով ապրելու: Մինչ ոչ մէկ հաստատ երաշխիք գոյութիւն ունի կեանքի ապահովութեան իմաստով, սակայն բաւարար բժշկական ուսումնասիրութիւններ գոյութիւն ունին, որոնք կը փաստեն թէ կարելի է աւելի երկար, առողջ կեանք մը ապրիլ։
Հիմնական հիւանդութիւններ, որոնցմէ կը տառապին կիները տարիքի յառաջացումով կամ նոյնիսկ երբեմն փոքր տարիքին հետեւեալներն են.
1- Ոսկորներու նոսրացում osteoporosis
2- Սրտի անհանգստութիւն
3- Կուրծքի Քաղցկեղ
4- Գերճնշուածութիւն
Անշուշտ այս բոլորը նկատի առած, կարելի է հաստատել թէ կիները կրնան իրենց առողջութեան համար գործակցիլ բժիշկներուն հետ եւ նոյնիսկ կրնան կանխել որոշ հիւանդութիւններ։ Կիները նաեւ պէտք է իրենք զիրենք զարգացնեն այս իմաստով, տեղեակ ըլլան իրենց իրավիճակէն եւ մօտէն հետեւին բոլոր իրադարձութիւններուն։
Բոլորս ալ լաւ կը ճանչնանք մեր մարմինը. գիտենք ի՛նչ բանը մեզի համար լաւ է կամ լաւ կը զգացնէ։ Գիտենք թէ ինչը մեր մարմինը կ՛անհանգստացնէ։ Մամնին ականջալուր ըլլալը առաջին հիմնական բանալին է առողջութեան եւ անշուշտ լսելէ ետք զայն հասկնալը եւ անոր պահանջներուն ընդառաջելը։
Սրտի անհանգստութիւնները մահուան հիմնական պատճառներէն կը համարուին թէ կիներու ու թէ այր մարդոց մօտ։ 29% մահերը կը պատահին այդ պատճառով։ Անշուշտ բացի մահէն կարելի է յիշել նաեւ անկարողութեան բազմաթիւ իրավիճակներ, որոնք բոլորն ալ արդիւնք են այդ անհանգստութիւններուն։ Կիները իրենց 60 տարեկանին կը մահանան սրտի անահնգստութեան պատճառով կամ ամբողջ կենաք մը զրկուած կը մնան ֆիզիքական աշխուժութենէն կամ նոյնիսկ քանի մը աստիճան բարձրանալու հնարաւորութենէ։ Սրտի անհանգստութիւնը զիրենք գրեթէ կ՛անդամալուծէ ամբողջ կեանքի տեւողութեան։
Թէեւ այր մարդիկ աւելի հակամէտ են սրտի անհանգստութիւններու, սակայն կանանց մօտ ալ գոյութիւն ունի եւ երբեմն դժբախտաբար շատ ուշ կ՛ըլլայ՝ երբ կը յայտնուի։
Սրտի անհանգստութիւնները ամպայման չեն զուգորդուիր կուրծքի ցաւով։ Անոնք երբեմն տարբեր ախտանշաններ կ՛ունենան, որոնք կրնան շուարեցնել ենթական, օրինակ, ուսերու ցաւ, գլխապտոյտ, փսխունք ու կտրատուած շնչառութիւն։
Ամերիկեան Սրտի Կազմակերպութիւնը հետեւեալները կը թուէ, իբրեւ վտանգի ազդարարներ սրտի անհանգստութեան համար.
1- տարիքի յառաջացում
2- ժառանգականութիւն, ներառեալ ցեղական ազդակը։ Կարգ մը ընտանիքներ կամ նոյնիսկ որոշ ազգեր աւելի հակամէտ են սրտի անհանգստութեան քան ուրիշ ազգեր։
3- ծխելը
4- բարձր գոլեսթերոլ
5- բարձր արեան ճնշում
6- ֆիզիքական անշարժութիւն
7- գիրութիւն
8- շաքարախտ
Սակայն լաւ բաժինը այս բոլորին մէջ այն է, որ կարելի է սրտի անհանգստութիւնները կանխել կամ նոյնիսկ նուազեցնել լաւ սննդականոնի հետեւելով եւ աշխուժ կեանք մը վարելով։
Սիրտը մարմինի ամէնէն կարեւոր անդամներէն կը համարուի, որուն առողջութիւնը շատ անհրաժեշտ է ուրախ եւ առողջ կեանք մը վարելու համար։
Սիրտը նաեւ սիրոյ, խնամքի եւ հոգատարութեան համար շատ անհրաժեշտ է։ Մանանւանդ սիրոյ տօնին առթիւ բոլորս խորհրդածենք եւ որոշենք մեր սիրտերը լաւ խնամել, որպէսզի կարենանք մեր անձերուն եւ նաեւ մեր սիրածներուն հոգ տանիլ ու լաւ սիրել զանոնք։ Եթէ մենք առողջ չենք, չենք կրնար ուրախ ըլլալ եւ չենք կրնար մեզ շրջապատող սիրելիներուն լաւ սիրել ու գուրգուրալ անոնց, հետեւաբար չենք կրնար լաւ եւ ուրախ կեանք մը պարգեւել անոնց։
——————————————————————————————————————-
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Փուռին Մէջ Եփուած Սպակէթթի
4 անձի համար
Բաղադրեալները
8 օզ. եփուած ցորենի սպակէթթի
2 տուփ (իւրաքանչիւրը՝ 14 օզ.) ջարդուած լոլիկ
1 հատ շերտուած խոշոր սոխ
1 թ. դգալ օրիկանօ
1/2 գաւաթ չետըր պանիր
2 ա. դգալ մանրուած փարմըժան պանիր
աղ եւ սեւ պղպեղ՝ ըստ փափաքի
Պատրաստութեան կերպը
Փուռի խորունկ ափսէ մը իւղեցէք եւ ապա մէջը զետեղեցէք սպակէթթին:
Լոլիկները դրէք սպակէթթիին վրայ, ապա աւելցուցէք սոխը, ցանեցէք օրիկանօն, ապա ձեր փափաքին համաձայն՝ աղն ու պղպեղը:
Չետըր պանիրը շերտեցէք եւ շարեցէք վերոյիշեալ խառնուրդին երեսը: Վրան ցանեցէք փարմըժան պանիրը:
Փուռին մէջ եփեցէք, 350 F, 25-35 վայրկեան կամ մինչեւ երեսը կարմրիլը:
Այս ճաշատեսակին հետ նաեւ կարելի է հրամցնել սխտորով հաց եւ գաւաթ մը գինի:
Սիրոյ Տօնին առթիւ ձեր պատրաստած ընթրիքին համար լաւ եւ համեղ կերակրատեսակ մը կրնայ ըլլալ այս մէկը։
Բարի ախորժակ: