ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբէն (ANC-PAC) ստացած ենք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբը 2010ի քոնկրեսական թէժ ընտրութիւնները կը նկատէ մեր համայնքի համար բարեպատեհ առիթ մը՝ յստակօրէն պատգամելու շահագրգիռ բոլոր քաղաքական շրջանակներուն, որ ոեւէ թեկնածու հայութեան քուէն շահելու համար, պարտի շօշափելի արդիւնք ապահովել յառաջիկայ ամիսներուն՝ մինչեւ յաջորդ քուէարկութեան օրը՝ Նոյեմբեր 2ը:
Յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն, Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբը, հայ համայնքին հետ միասին, մօտէն ու անկողմնակալօրէն պիտի հետեւի ընտրական մրցապայքարներուն եւ իր կեցուածքը պիտի ճշդէ իւրաքանչիւր թեկնածութիւն քննելով՝ առանձնաբար: Անցեալ տարիներու նման, մենք մեր զօրակցութիւնը քուէով, դրամական նուիրատուութիւններով ու կամաւոր աշխատանքով պիտի յայտնենք դեմոկրատ թէ հանրապետական այն թեկնածուներուն, որոնք հայութիւնը շահագրգռող հարցերուն վերաբերեալ յանձնառու կը դառնան շօշափելի արդիւնքներ ապահովել:
Մեր դիրքորոշումը ո՛չ դեմոկրատ ո՛չ ալ հանրապետական է, այլ կ՛արտացոլէ հիմնական պահանջները ամերիկահայութեան կենսունակ ու այլակարծիք ընտրազանգուածին, որ միասնական է մեր համայնքի ջատագոված առաջնահերթ խնդիրներուն շուրջ:
Այսօր, մենք իսկական մարտահրաւէրի առջեւ կը գտնենք մենք մեզ, երբ կը փորձենք մեր համայնքին զօրակցութիւնը ապահովել մեզի բարեկամ դեմոկրատ թեկնածուներուն համար: Այս կացութիւնը ուղղակի հետեւանք է Օպամա-Պայտըն վարչակարգի խոստմնադրուժ կեցուածքներուն, Հայաստանի տրուող օժանդակութեան, ռազմական ուժի շրջանային հաւասարակշռութեան պահպանման եւ Ղարաբաղի հարցերուն գծով անոնց բռնած՝ հայութեան շահերուն հակադիր դիրքորոշումներուն: Գլխաւորը, անշուշտ, նախագահի՝ բազմիցս ու բաւական յստակութեամբ բանաձեւուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խոստումին դրժումն է: Նախագահը արհամարհելով իր ընտրարշաւին ամերիկահայութեան բերած աննախընթաց ներդրումը՝ պաշտօնը ստանձնելէ ետք իր կառավարութիւնը ուղղորդեց հզօր ճնշման ենթարկելու Հայաստանը՝ զայն ստիպելով ընդունելու Արձանագրութիւններու շարք մը, որոնք էապէս հարցականի կ՛ենթարկեն համայն հայ ազգին դէմ կատարուած ոճիրին իրողութիւնը:
Արդարօրէն կամ անարդարօրէն, նախագահին դրժած խոստումներուն առթած զայրոյթն ու յուսախաբութիւնը խորապէս ազդած են ու պիտի շարունակեն ազդել դեմոկրատ թեկնածուներու հանդէպ հայ քուէարկողներու վերաբերմունքին վրայ, նոյնիսկ այն թեկնածուներուն, որոնք հայկական հարցերու վերաբերեալ ունեցած են նպաստաւոր դիրքորոշում: Մեսեչուսեցի մէջ Պրաուն-Քոաքլիի ընտրապայքարը լաւագոյն դրսեւորումն է այս վիճակին: Արդարեւ, Մեսեչուսեց նահանգի հայ համայնքին հետ ուշացած ու սահմանափակ շփում հաստատելու փորձ կատարած Մարթա Քոաքլիի կեցուածքին պատճառով, հայ համայնքը նախընտրեց իր քուէն տալ Սքաթ Պրաունին: Ընտրութեան արդիւքններուն վրայ վճռականօրէն ազդելու հնարաւորութիւն ունեցող հայ քուէարկողները կը մերժեն ընդունիլ թեկնածու մը, որ զիրենք կը խաբէ ու թիւրիմացութեան մէջ կը ձգէ:
Մեր համայնքը սրտապնդուեցաւ ի տես քոնկրեսմեն, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Հաուըրտ Պըրմընի ցուցաբերած քաջարի կեցուածքին, անոր առած որոշումին՝ Մարտ 4ին, Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը յանձնաժողովի օրակարգին վրայ դնելու ուղղութեամբ: Մենք մօտէն պիտի հետեւինք այս քուէարկութեան եւ կը սպասենք, որ բանաձեւը հաստատուի ու ապա մտնէ Ներկայացուցիչներու տուն՝ վաւերացուելու համար Քոնկրեսի լիագումար նիստին կողմէ: Մենք նաեւ կը սպասենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտն ալ իր լիագումար նիստին ընթացքին քուէարկէ ի նպաստ մարդկային իրաւունքներու ջատագով այս բանաձեւին:
Դեմոկրատ թեկնածուները յառաջիկայ օրերուն, յաղթահարելու համար նախագահ Օպամայի վաչակազմին ստեղծած բացասական զգայնութիւններն ու մթնոլորտը, եւ սիրաշահելու համար հայ քուէարկողները, պարտին ոչ միայն մօտենալ հայ համայնքին ու երկխօսութիւն սկսիլ անոր հետ, այլ նաեւ աշխատիլ, որ Սպիտակ տունը փոխէ իր կեցուածքները հայկական հարցերուն վերաբերեալ, առաջին հերթին նախագահ Օպաման մղելով, որ յարգէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը»: