ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի նոր Հայ կեդրոնի գնման ի նպաստ ձեռնարկուած ճաշկերոյթին հանդիսավարը ըլլալու պարտականութիւնը ստանձնած է յայտնի իրաւաբան Մարք Կիրակոսը:
Պըրպենքի հայ համայնքը սեփական կեդրոնով օժտելու գործը իրականացնելու նպատակով կազմակերպուած այս ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 21 Փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 4էն սկսեալ, Սան Ֆերնանտօ պողոտայի վրայ գտնուող «Արպաթ» ճաշարանի հանդիսասրահին մէջ:
Նախքան ճաշկերոյթը, ձեռնարկը կազմակերպողները կը հրաւիրեն հանրութիւնը այցելելու կեդրոնին կառոյցը, որ կը գտնուի 75 east Santa Anita հասցէին վրայ: Կեդրոն այցելութիւնը ծրագրուած է ճաշկերոյթէն անմիջապէս առաջ, կէսօրէ ետք ժամը 3:30էն 4: