ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Փետրուար 11ին, հարիւր հազարաւոր իրանցիներ մասնակցեցան 1979ի Իրանի իսլամական յեղափոխութեան տարեդարձին նուիրուած հաւաքներուն, մինչ այս առիթը իրենց ձայնը լսելի դարձնելու նպատակով օգտագործել փորձող ընդդիմութիւնը, չկրցաւ յատկանշական ցոյցեր կազմակերպել, յատկապէս մեծ թիւով ապահովական ուժերու պարտադրած ճնշումներուն հետեւանքով:
Իրանի իշխանութեան կողմէ լրատուական գործակալութեան դէմ պարտադրուած սահմանափակումներուն հետեւանքով, օտար լրագրողները իրենց տեղեկութիւնները ընդհանրապէս կը քաղեն ականատեսներէ, որոնցմէ մէկը յայտնած է, թէ Թեհրանի թաղամասերուն մէջ հաւաքուած ընդդիմութեան ցոյցին մասնակիցներուն թիւը 300էն 500ի միջեւ եղած է, մինչ իշխանութեանց համակիրներուն թիւը՝ 10,000էն աւելի, որուն հետեւանքով, ընդդիմութեան ցոյցը արագօրէն ցրուած է:
Կարգ մը շրջաններու մէջ նաեւ բախումներ տեղի ունեցած են ընդդիմութեան համակիրներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ: Տեղի ունեցած են նաեւ ձերբակալութիւններ:
Ընդդիմութեան մէկ մասը կը մերժէ ընդունիլ անցեալ տարուան Յունիս 12ին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեանց արդիւնքը, որուն շնորհիւ իշխանութեան վրայ մնացած էր նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատը:
Նոյն օրը, Իրանի իշխանութիւնները հաղորդեցին, թէ իւրանիոմը աւելիով հարստացնելու փորձերը յաջող արդիւնք տուած են եւ բժշկական ուսումնասիրութեանց համար գործածուելիք առաջին առաքումը կատարուած է գիտնականներուն: Յայտնենք, թէ կատարուածը քսան առ հարիւրով հարստացում մըն է, իսկ հիւլէական ռումբի մը համար հարկաւոր է 90 տոկոսի հարստացում: