ՍՈՖԻԱ.- Ըստ թրքական «Զաման» օրաթերթին, Պուլկարիոյ խորհրդարանական յանձնախումբը հերթական անգամ մերժած է ԱԹԱՔԱ կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին առաջարկը։
Օրաթերթը կը յայտնէ, թէ հակաթրքական կեցուածքներով ծանօթ ԱԹԱՔԱ կուսակցութիւնը խորհրդարանական յանձնախումբին ներկայացուցած էր երեք առաջարկներ, որոնց շարքին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ մը։ Քուէարկութեամբ մերժուած են կուսակցութեան ներկայացուցած երեք առաջարկներն ալ, եւ անոնք պիտի չներառուին խորհրդարանի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ։
Նշենք, որ ԱԹԱՔԱ կուսակցութիւնը պարբերաբար Պուլկարիոյ խորհրդարանին կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ բանաձեւեր, սակայն ամէն անգամ խորհրդարանը զանոնք կը մերժէ։