ՄՈՍԿՈՒԱ, «IzRus».- Իսրայէլի հետ ռազմական, քաղաքական եւ տնտեսական համագործակցութիւնը սերտացուցած Ատրպէյճան, վերջերս այս նպատակով քայլ մը եւս առած է: Արդարեւ, անցեալ շաբաթ, Ատրպէյճանի զինուորական կառոյցներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը գաղտնօրէն Իսրայէլ այցելած է:
Իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնած են, որ ատրպեճանական պատուիրակութիւնը այցելած է Իսրայէլի ռազմա-արդիւնաբերական շարք մը ձեռնարկութիւններ եւ բանակցութիւններ ունեցած է այդ երկրի ռազմական ապահովական կառոյցներուն մէջ: Այցելութեան այլ մանրամասնութիւններ եւ ներկայացուցչական պատուիրակութեան կազմին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չեն բացայայտուած:
Նշենք, որ Ատրպէյճան Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն չունի: Նկատի առնելով Իրանի եւ իսլամական այլ երկիրներու անհանգստութիւնը՝ Պաքու ցարդ բարձրաստիճան զինուորական պատուիրակութիւն մը չէ ղրկած Իսրայէլ: Այդ առումով, ուժային կառոյցներու բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը Իսրայէլ այցելութիւնը ցոյց կու տայ, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները նոր մակարդակի հասած են:
Ըստ «Ենի Մուսաւաթ»ի, բոլոր բնագաւառներու եւ յատկապէս ռազմական ու ապահովական մարզերուն մէջ, Ատրպէյճան Իսրայէլի հետ սերտ համագործակցութիւն կը փորձէ ստեղծել: Անցեալ տարի Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեզի Պաքու այցելութեան ընթացքին, երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցան ռազմա-ճարտարագիտական համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը կարեւոր համաձայնագիրներ, որոնցմէ մէկուն համաձայն, Ատրպէյճանի մէջ, Իսրայէլի աջակցութեամբ, պիտի բացուի անօդաչու հետախուզական ինքնաթիռներու եւ արդիական այլ ռազմական գործիքներ արտադրելու գործարան մը:
Իսրայէլեան աղբիւրներ կը յայտնեն, որ այդ համաձայնագիրները գոյացնելու համար երկու երկիրներուն միջեւ, վերջին 4 տարիներուն ընթացքին, գաղտնի բանակցութիւններ տեղի ունեցած են: Կան տեղեկութիւններ, թէ՝ Ատրպէյճան կը փափաքի Իսրայէլէն գնել հետախուզական անօդաչու ինքնաթիռներ եւ արդիական շարք մը զէնքեր:
«Հաւանական է, որ յիշեալ այցելութիւնը տեղի ունեցած է այս համագործակցութեան շրջանակին մէջ: Սակայն, կասկած չկայ, որ Իսրայէլի հետ Ատրպէյճանի համագործակցութիւնը պիտի անհանգստացնէ դրացի երկիրները: Մօտերս կ՛ակնկալուի նաեւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի Պաքու այցելութիւնը, որմէ ետք փոխադարձ պաշտօնական այց պիտի կատարուի նաեւ Ատրպէյճանէն», կը գրէ «Ենի Մուսաւաթ» թերթը: