Երեքշաբթի, Յունուար 26ի երեկոյեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Հայկական ոսկրածուծի հիմնադրամը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ կազմակերպութեան նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի գլխաւորութեամբ, Ազգ. առաջնորդարան եկած էր՝ առաջնորդ սրբազանը տեղեակ պահելու իր տասնամեակին առիթով նախատեսուած ձեռնարկներուն ու աշխատանքներուն։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներէն Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան։
Հայրենի ժողովուրդին բժշկական ու բժշկագիտական իւրայատուկ օժանդակութիւն հասցնող այս հիմնադրամը հիմնականին մէջ ծառայութիւն կը մատուցէ դժուար բուժելի հիւանդներու։ Անիկա Հայաստանի մէջ հաստատած է կեդրոն մը, որուն համար նպաստ կ՛ապահովէ սփիւռքեան ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներու հայկական օճախներէն, արձանագրելով ոսկրածուծի պատուաստումի համար կամաւոր թեկնածուներ։
Պատուիրակութեան անդամները առաջնորդ սրբազանին տեղեկութիւններ հաղորդեցին իրենց աշխատանքներուն ընթացքին մասին, որուն նորագոյն օղակը կազմուած է տարեսկիզբին, Արցախի մէջ, ուր պետական եւ հոգեւոր պատասխանատուներ արձանագրուած են հիմնադրամի ցանկին։
Նկատի ունենալով, որ հիմնադրամը այս տարի կը բոլորէ իր տասներորդ տարին, վարչութիւնը որոշած է կազմակերպել շարք մը ձեռնարկներ ու քարոզչական արշաւներ, որոնց մեկնարկի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 9ի երեկոյեան, «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ։ Պատուիրակութիւնը խնդրեց առաջնորդէն, որ առաջնորդարանը, մեր եկեղեցիներն ու ազգային վարժարանները նեցուկ կանգնին այս աշխատանքներուն։
Առաջնորդը բարձր գնահատեց Հայկական ոսկրածուծի հիմնադրամին առաքելութիւնը ու անոր նուիրեալներուն ծառայութիւնները։ Ան վերահաստատեց առաջնորդարանին ու անոր հովանիին տակ գործող միաւորներուն զօրակցութիւնը այս աշխատանքներուն, նշելով, որ ընթացք պիտի տրուի ներկայացուած խնդրանքին։ Պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին ու առաջնորդարանին հետեւողական աջակցութեան համար։