ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն».- Որոշ աղբիւրներու համաձայն, շուտով պիտի փոխուին Ուքրանիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանները, իսկ Քիեւի մէջ Հայաստանի դեսպան պիտի նշանակուի Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախկին նախարար, նախագահի խորհրդական Անդրանիկ Մանուկեանը: Հաւանական է, որ Մեծն Բրիտանիոյ մօտ դեսպան նշանակուի արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեան:
Պէտք է նշել, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը չէ հաստատած եւ ոչ ալ հերքած է նոր նշանակումներու մասին տեղեկատուութիւնը: