Խմբագրութիւնս ստացած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը՝ Կլենտէյլի Հայ Դատի Յանձնախումբէն.
Յունուար 20ին, Կլենտէյլի ոստիկանական բաժանմունքին մէջ ծառայող չորս երդուեալ ոստիկաններ եւ մէկ նախկին ոստիկան, իրենց ազգային պատկանելութեան բերումով խտրականութեան, հալածանքի եւ վրէժխնդրութեան ենթարկուած ըլլալու մեղադրանքով, քաղաքացիական հայց ներկայացուցած են ԱՄՆ դաշնակցային դատարանին: Մեղադրագիրին մէջ արձանագրուած ամբաստանութիւնները բաւական անհանգստացնող են ու խորշելի: Եթէ այս ամբաստանութիւնները նոյնիսկ մասամբ իրական են եւ՝ դատարանին մէջ ապացուցելի, ապա Կլենտէյլ քաղաքը պէտք է հսկայ քայլեր առնէ, որպէսզի դառնայ այն բնակավայրը, զոր մենք կ՛ուզենք եւ արժանի ենք ունենալու:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը խորապէս մտահոգ է քաղաքային դատախազ Սքաթ Հաուըրտի կողմէ ոստիկաններու բողոքագրի ներկայացումէն անմիջապէս ետք կատարած յայտարարութենէն: «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս» թերթի Յունուար 25, 2010ին լոյս ընծայած յօդուածին մէջ կայ քաղաքային դատախազ Սքաթ Հաուըրտի խօսքէն հետեւեալ մէջբերումը. «Բողոքագրին մէջ կան բազմաթիւ ամբաստանութիւններ, որոնք բացարձակապէս, հիմնովին սխալ են»: Մենք կ՛ակնկալէինք, որ քաղաքային դատախազութեան գրասենեակը առնուազն նախնական քննութիւն մը բանայ ոստիկաններու բողոքագրին մէջ տեղ գտած ամբաստանութեանց վերաբերեալ՝ նախքան այդ գծով կարծիք յայտնելը:
Կլենտէյլի ոստիկանական բաժանմունքը անցեալին ենթակայ եղած է դատական բազմաթիւ հետապնդումներու՝ իր ոստիկաններու անպատշաճ եւ խտրական վերաբերմունքի դրսեւորումներուն պատճառաւ: Այս դատական գործերէն շատերը աւարտած են քաղաքին դէմ վճիռներով կամ հատուցում վճարելու համաձայնութեամբ, նոյնիսկ՝ պատժական քայլերու՝ ընդդէմ անհատ ոստիկաններու: Նման դատական գործերու շարքին վերջինը՝ Օվասափեան ընդդէմ Կլենտէյլ քաղաքի դատն էր, որուն հետեւանքով, քաղաքը ստիպուեցաւ վճարելու 1.58 միլիոն տոլարի հատուցում՝ առաւել փաստաբանական ծախսերը: Քաղաքի անկարողութիւնը՝ նման բողոքներու պարագային իմաստալից եւ առարկայական ներքին քննութիւն բանալու, եւ ոստիկաններու շարունակուող զանցումները միլիոններու վնաս պատճառած են Կլենտէյլի բնակիչներուն:
Աւելին, Օվասափեանի գործով առնուած ծանրակշիռ վճիռէն ետք իսկ, Կլենտէյլի քաղաքապետարանը, հրապարակային իր նիստին ընթացքին, յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ չքմեղացնելով ոստիկանները եւ ոստիկանական բաժանմունքը, եւ իր վրայ վերցնելով 150,000 տոլարի պատիժի վճարումը, որ պահանջուած էր անհատ ոստիկաններէն: Դաշնակցային դատարանին եւ դատակազմին կողմէ, Հոկտեմբեր 10, 2009ին, Քաղաքապետական խորհուրդը իր նիստին ընթացքին հետեւեալ հաստատումը կատարած է. «Մենք կը գիտակցինք, որ ասիկա շատ դժբախտ պատահար մըն էր… մենք կը գտնենք, որ ոստիկանները գործած են բարի միտումով, առանց իսկական չարամտութեան եւ յայտնապէս՝ յօգուտ Կլենտէյլ քաղաքին»: Նման հաստատումով Քաղաքապետական խորհուրդը իրողապէս խրախուսած եղաւ այս ոստիկաններուն անիրաւ գործերը: Պէտք չէ զարմանալ, ուրեմն, երբ նոյն երկու ոստիկանները այժմ կ՛ամբաստանուին այս նոր բողոքագրին մէջ:
Հետագայ ամիսներուն, այս դատական գործընթացը պիտի ղեկավարուի Դաշնակցային շրջանային դատարանին կողմէ եւ վճիռը պիտի տայ դատակազմը: Մինչ այդ, մինչեւ դատական գործընթացի աւարտը, էական է, որ Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդն ու Կլենտէյլի Ոստիկանական բաժանմունքը զսպուածութիւն ցոյց տան եւ այս բողոքագրին վերաբերեալ եզրակացութիւններ չհրապարակեն: Նաեւ, խիստ կարեւոր է, որ մինչեւ այս դատական գործընթացի աւարտը, բողոքագրի հեղինակ ոստիկանները պաշտպանուած ըլլան իրենց գործատեղիին մէջ ու չենթարկուին հալածանքի եւ վրէժխնդրութեան:
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը մօտէն պիտի հետեւի այս դատին եւ կ՛ակնկալէ, որ քննութիւնները կատարուին ամբողջականօրէն թափանցիկ պայմաններու տակ՝ հաւատալով, որ դատական համակարգը պիտի բացայայտէ իրողութիւնները եւ պիտի երաշխաւորէ արդար վճիռով հարցին եզրակացումը: