ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին գլխաւորութեամբ, Փետրուար 2ին տեղի ունեցած է հանդիպում մը՝ Փետրուար 12ին Գանատայի Վանքուվըր քաղաքին մէջ կայանալիք 21րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցող Հայաստանի 4 մարզիկներուն, մարզիչներուն եւ մարզական հանրութեան ու լրագրողներուն միջեւ: Հանդիպման ներկայ եղած է ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նորանշանակ նախարար Արթուր Պետրոսեանը:
Վանքուվըրի ողիմպիականին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն գիւմրեցի Քրիստինէ Խաչատրեանը եւ Աշոցքէն՝ Սերգէյ Միքայէլեանը, նաեւ լեռնադահուկորդներ Անի Սերեբրակեանը (ԱՄՆի բնակիչ) եւ Ծաղկաձորէն՝ Արսէն Ներսիսեանը:
Հանդիպման ընթացքին, Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար, Ազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեան տեղեկացուցած է, թէ Հայաստանի մարզիկները շատ լաւ նախապատրաստուած են ու պիտի պայքարին՝ բարձր տեղ գրաւելու համար:
Իսկ ՀՀ Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան յայտնած է, թէ նոյնիսկ եթէ 4 մարզիկներէն միայն մէկը տեղ գրաւէ լաւագոյն տասնեակին մէջ, ատիկա մեծ նուաճում պիտի ըլլայ:
Նշենք, որ նոյն օրը՝ Փետրուար 2ին, Հայաստանի ողիմպիական պատուիրակութեան բոլոր անդամները ստացած են իրենց ողիմպիական վկայագիրները:
Նեաւ, Փետրուար 6ին, Վանքուվըրի ողիմպիական աւանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի դրօշի բարձրացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, իսկ Փետրուար 12ին եւ 28ին նախատեսուած են մրցումներու բացման եւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւնները:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մարզիկները ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն առաջին անգամ մասնակցած են Լիլեհամերի մէջ (Նորվեկիա), ապա՝ 1998ին՝ Նականոյի (Ճափոն), 2002ին՝ ԱՄՆի Սոլթ Լէյք Սիթի, իսկ 2006ին՝ Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ: