ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տրամադրած տուեալներուն համաձայն, 2009ի ընթացքին շինարարութեան ոլորտը արձանագրած է 37.4 առ հարիւրի անկում մը, որ մեծ կը համարուի՝ համեմատած այլ ոլորտներու հետ: Իսկ արտաքին առեւտուրը, ընդհանուր առմամբ արձանագրած է 27 տոկոսի անկում: Նաեւ, ներմուծումը նուազած է 25.3 տոկոսով, արտահանումը՝ 34 տոկոսով: Ճգնաժամի պատճառով նուազ տուժած է գիւղատնտեսութիւնը (0.1 տոկոս), իսկ ծառայութիւններու ոլորտը արձանագրած է 1.3 տոկոսի աճ։ Յիշեցնենք, որ 2009ի ընթացքին համախառն ներքին անկումը կազմած է 14.4 առ հարիւր: