ԹՈՒՐՔԻԱ, «Փանորամա».- Թրքական «Ֆուրաթ» լրատուական գործակալութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը գրաքննութեան ենթարկած է միջնակարգ դպրոցներու աշխարհագրութեան դասագիրքերը, որոնց մէջ նշուած է Պիպլիական լեռ «Արարատ» անունը:
Ըստ նոյն տուեալներուն, Թուրքիոյ ազգայնական շրջանակներն ու իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում (ԱԶԿ) կուսակցութիւնը «Արարատ» բառը անցուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան հետ առնչուող արգիլուած բառերու շարքին:
«Արարատ» բառը Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը խորհրդանշէ», պատճառաբանած է նշեալ կուսակցութիւնը: