ԱՆԳԱՐԱ, «Ազատութիւն».- Թուրքիան հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի գծով Սահմանադրական դատարանի որոշման մէջ իրեն համար անընդունելի կէտերու կապակցութեամբ որոշած է իրաւական երաշխիքներ պահանջել Հայաստանէն:
«Ազատութիւն» կայանը թրքական «Զաման» թերթը վկայակոչելով՝ կը յայտնէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իրաւական երաշխիքներու հետ կապուած խնդիրին շուրջ արդէն իսկ սկսած է աշխատանքներու ԱՄՆի եւ գործընթացի միջնորդ հանդիսացող Զուիցերիոյ հետ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւաստած է, որ Սահմանադրական դատարանի որոշումը որեւէ ազդեցութիւն չունի արձանագրութեանց վաւերացման գործընթացին վրայ, Թուրքիա կ՛ուզէ այդ կապակցութեամբ Երեւանէն իրաւական փաստաթուղթ մը ստանալ: Թուրքիա, իր հերթին, սկսած է պատրաստելու իրաւական փաստաթուղթ մը, ուր պիտի ներկայացուի, ըստ իր մեկնաբանութեան, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշման եւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն անհամապատասխանելի կէտերու առկայութիւնը:
Անգարան կ՛ուզէ, որ ԱՄՆ եւ Զուիցերիա եւս դառնան այս գործընթացի մասնակից: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ զրոյցի ընթացքին Ահմետ Տաւութօղլու նշած է, թէ Թուրքիան առանց գրաւոր իրաւական ձեւակերպումի փաստաթուղթ ստանալու Երեւանէն պիտի չվաւերացնէ արձանագրութիւնները:
Անգարան խնդրոյ առարկայ իրաւական աշխատանքներուն կապակցութեամբ դիմած է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին եւ Եւրոմիութեան:
Թուրքիա կը փորձէ համոզել, թէ Հայաստանը կը ջանայ խուսափիլ արձանագրութիւններէն: Հայաստանի ՍԴի որոշումը Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր կը դարձնէ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը շարունակելու: Անգարան այս կէտին կտրուկ արձագանգեց: Թուրք դիւանագէտները համարեցին, որ այդ կէտը կը հակասէ արձանագրութիւններու տառին եւ ոգիին, եւ պահանջեցին Հայաստանէն հաւատարիմ մնալ որդեգրուած արձանագրութիւններու բնագիրին:
«Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ Թուրքիան առաջընթաց քայլ կը կատարէ այն ատեն, երբ կը համոզուի, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի կայացուցած որոշումը չի հակասեր երկկողմանի արձանագրութիւններու բովանդակութեան ու փիլիսոփայութեան: Առայժմ Երեւանէն հնչող յայտարարութիւնները Թուրքիան չեն համոզեր», Երեքշաբթի օր թրքական NTV հեռաստեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է Տաւութօղլու:
Ընդգծելով հանդերձ, որ պաշտօնական Անգարան դրական կը գնահատէ նշեալ դատարանին որոշումը, որուն համաձայն՝ արձանագրութիւնները չեն հակասեր Հայաստանի Սահմանադրութեան, Տաւութօղլու քննադատած է որոշման բացատրական մասը՝ պնդելով, որ այնտեղ «սահմանափակող դրոյթներ եւ նախապայմաններ կան»:
«Մենք դէմ ենք, որ նախապայմաններ դրուին կամ նախապատուութիւն սահմանուի արձանագրութիւններուն մէջ ամրագրուած դրոյթներէն մէկուն կամ միւսին նկատմամբ: Մենք չենք կրնար ըսել՝ եկէք բանանք սահմանը, յետոյ քննարկենք միւս հարցերը: Ատիկա կը հակասէ արձանագրութիւններու փիլիսոփայութեան: Մենք կ՛ուզենք, որ արձանագրութիւններուն մէջ ամրագրուած բոլոր տարրերը ուժի մէջ մտնեն միաժամանակ», յայտնած է Տաւութօղլու:
«Թուրքիա վճռական տրամադրուած է յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցին գծով. մենք սկսած ենք այս գործընթացը՝ ունենալով երեք հիմնական նպատակ, եւ մտադիր չենք անոնցմէ հրաժարիլ», նշած է Տաւութօղլու, ըստ որուն, այդ երեք հիմնական նպատակներն են. «Առաջին՝ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, երկրորդ՝ ձերբազատուիլ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու նախապաշարումներէն, ապահովել երկու ժողովուրդներուն միջեւ փոխըմբռնում եւ երկխօսութիւն, որպէսզի անոնք լուծեն երկկողմանի յարաբերութիւններու մէջ առկայ բոլոր խնդիրները՝ որքա՛ն ալ բարդ ըլլան անոնք, եւ կարենան յաղթահարել պատմական խոչընդոտները: Եւ երրորդ՝ ճանապարհ բանալ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ յարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու համար»:
Տաւութօղլու շարունակած է իր խօսքը յայտնելով, որ հակառակ վերջին շրջանին ի յայտ եկած դժուարութիւններուն, «մենք պէտք է սառնասրտութիւն ցուցաբերենք: Քննադատութիւն, կարծիքներ, միշտ ալ հնչած են՝ գործընթացը փակուղի մտած ըլլալուն մասին: Նոյն մթնոլորտը կը տիրէր նաեւ անցեալ տարի Յուլիսին, սակայն երբ անցեալ Հոկտեմբերին արձանագրութիւնները ստորագրուեցան, բոլորը զարմացան: Դիւանագիտութիւնը կը պահանջէ համբերութիւն եւ քայլ առ քայլ աշխատանք»:
Այն հարցումին, թէ՝ ի՞նչ կը պատահի, եթէ ամերիկեան Քոնկրեսը կրկին բարձրացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը, Տաւութօղլու արձագանգած է. «Անշուշտ, մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք որեւէ անակնկալի: Այսուհանդերձ, ես նման զարգացում չեմ սպասեր: Ակնյայտ է, որ եթէ Միացեալ Նահանգներու կամ Քոնկրեսի մէջ ընդունուի ինչ որ փաստաթուղթ, որ կը մեղադրէ Թուրքիան, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը ձախողի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Pataskhann e’ shat ban kuzi:
Haykakan koghm@ parzapes tapantsik dartsrets ayd amotaly tghterum taknvats npatak@ hartsi tak dnel Hayeri tseghaspanutyn@. Ev, i miji aylots, dartsnel ayn ar-u-tsakhi ararka voch mian Americayum.
Aydkan @ndamen@.