ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութեան համաձայն, Յունուար 26-29ի միջեւ, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՄՆ Եւրոպական հրամանատարութեան կողմէ կազմակերպուած կապի, հեռահաղորդակցութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի «Համատեղ ձգտում 2010» զօրավարժութեան նախնական ծրագրաւորման համաժողովը, որուն պիտի մասնակցի ՆԱԹՕ կեդրոնակայանէն կապի ոլորտի 300 մասնագէտ՝ անդամ եւ գործընկեր 34 երկիրներէ։
Նշենք, որ ասիկա երկրորդ համաժողովն է՝ նախատեսուած 4 փուլերէն: Առաջինը՝ հայեցակարգային մշակման համաժողովը, կայացած էր 2009 Նոյեմբերին, Սերպիոյ մէջ, իսկ յաջորդ երկու փուլերը տեղի պիտի ունենան Պոսնիա-Հերցեկովինայի եւ Մոնթենեկրոյի մէջ: Բուն զօրավարժութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2010 Սեպտեմբերին, Գերմանիոյ եւ Ռումանիոյ մէջ:
Յիշեցնենք նաեւ, որ Հայաստան «Համատեղ ձգտում» զօրավարժութեան սկսած է մասնակցելու 2002ին: