ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունուար 29-30 պաշտօնական այցով Երեւան պիտի ժամանէ Մոսկուայի քաղաքապետ Եուրի Լուժկովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին Մոսկուայի եւ Երեւանի 2008-2011ի համագործակցութեան ծրագրի կատարման ընթացքը եւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը այլ խնդիրներ:
Նոյն ծիրէն ներս պիտի ստորագրուի «Մոսկուայի կառավարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի միջեւ առեւտրատնտեսական, գիտատեխնիկական, հումանիտար ոլորտներում համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրը:
Համագործակցութեան ծրագիրներու ստորագրում կը նախատեսուի նաեւ Երեւանի Կեդրոն եւ Մոսկուայի Կեդրոնական, ինչպէս նաեւ Աւան եւ Հիւսիսային վարչական շրջաններուն միջեւ՝ կրթութեան, մշակոյթի, մարմնամարզութեան բարեկարգման, կանաչապատման, համատիրութիւններու գործունէութեան եւ քաղաքային տնտեսութեան այլ ոլորտներու մէջ: