ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Կիրակի, Յունուար 18ին, Ատրպէյճանի կառավարութեան ժողովի մը ընթացքին, նախագահ Իլհամ Ալիեւ պնդեց, թէ երկիրը համեմատաբար նուազ վնասներ կրած է 2009ի տնտեսական համաշխարհային ճգնաժամին հետեւանքով: Ան նշեց, թէ արտաքին քաղաքականութեան մարզէն ներս եւս, երկիրը կարեւոր իրագործումներ ապահոված է՝ աւելցնելով իր գործընկերներուն թիւը:
Ըստ Ալիեւի, Լեռնային Ղարաբաղի հարցով վերջնական լուծում մը հասնելու ճամբան արդէն իսկ յստակացած է, եւ այդ ուղղութեամբ նախապատուութիւն կը տրուի երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու սկզբունքին: