ԱՐՄԷՆ ՏՕՆՈՅԵԱՆ
Վահէ Քաչա (Վահէ Խաչատուրեան) 1928-2003:
Վահէ Քաչայի մասին խօսելէ առաջ, պէտք է յիշել, որ ան եղաւ այն հազուագիւտ հայազգի գրողներէն, որոնք արդէն հասուն տարիքէն իրենց ծննդավայրէն մեկնեցան դէպի Եւրոպայի ամէնէն զարգացած եւ գրական երկիրներէն մէկը՝ Ֆրանսա:
Ծնած է 1928 Ապրիլ 1ին Դամասկոսի մէջ։ 1945ին կը մեկնի Փարիզ:
Այնտեղ ան կրցաւ իր տաղանդը պարտադրել եւ կարճ ժամանակի ընթացքին դարձաւ Ֆրանսայի յառաջամարտիկ գրողներէն մէկը, որ ստեղծուած գրական մթնոլորտին մէջ իր յատուկ ճանապարհը գտաւ, եւ ոչ միայն յաջողեցաւ արձակի մէջ, այլեւ յաջողեցաւ վիպագրութեան այս մայրաքաղաքի վարպետներուն հետեւիլ:
Կարծէք Ֆրանսայի ժողովուրդը թարմ շունչի կարիքը ունէր. փաստօրէն սիրուեցան մէկը միւսին յաջորդող իր վէպերը, եւ այնքան՝ որ անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ ամերիկեան մեծ բեմադրիչներու ուշադրութեան արժանանալով՝ վերածուեցան ֆիլմերու:
Սարոյեան Ամերիկայի մէջ համարձակութիւնը ունեցաւ գրելու հայոց մասին: Իսկ Քաչա ուղղակի վէպ գրեց իր ժողովուրդի մասին, եւ այդ վէպը կոչեց՝ ԴԱՇՈՅՆ ՄԸ ԱՅՍ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷæ:
Ֆրանսացի ժողովուրդը կարդաց Հայոց Ցեղասպանութեան այս մանրամասն նկարագրութիւնը, կարդաց ոչ միայն իբրեւ գեղարուեստական գործ, այլ նաեւ իբրեւ պատմութիւնը ժողովուրդի մը որ այդ մեծ նախճիրէն ետք ապաստան գտած էր եւրոպական կարգ մը երկիրներու շարքին՝ Ֆրանսայի մէջ:
Իր վէպերուն եւ իր կեանքին մասին խօսելէ առաջ, գաղափար մը տանք իր արձակէն:
Կու տանք Սարթրի գոյութենապաշտական ԴՌՆՓԱԿԸ յիշեցնող՝ Քաչայի ԳԱՒԱԶԱՆ վէպի մուտքէն հատուած մը.
«Գեստարմուսն իր կոյր աչքերը ծածկող մեծ ու սեւ ակնոցը ուղղեց եւ գլուխը կամաց վեր բարձրացրեց: Գաւազանը ոտքերի արանքում պահած, ձեռքերը խաչած, նա ականջ էր դնում նոյնիսկ ամենափոքր աղմուկի: Նրա շուրջ բոլորը շշնջում էին, խօսում: Դրսում, սառցէ քամու հոսանքը շունչ էր կտրում: Աստեղ՝ հետաքրքրասէրներով լցուած դատարանի դահլիճում օդը հեղձուցիչ էր:»
«Յետոյ նախագահը խօսեց-
«Ահա, վճիռը հանուած է: Ֆրէդը մեղաւոր է ճանաչուած: Ֆրէդը դատապարտուած է մահուան: Կէս ժամ, որպէսզի մարդուն մահուան դատապարտեն: Գեստարմուսը ոչ մի ձեւով չի կարողանում ոտքերը դասաւորել: Նրան թւում է թէ մղձաւանջի մէջ է եւ սպասում է արթնացումին: Ինչ որ մէկը նրա ուսին դիպաւ՝
-Պէտք է գնալ։
«Նա զգաց որ ժողովուրդը դուրս է եկել եւ ինք մենակ է մնացել գաւազանը ձեռքում սեղմած: Նրան խնդրում էին գնալ»:
***
Հայազգի հռչակաւոր ֆրանսագիր գրող Վահէ Քաչա-Խաչատուրեան ծնած է Դամասկոս, բայց իր պատանեկութիւնը անցուցած է Պէյրութի մէջ, ստացած է իր նախակրթութիւնը, եւ բարձրագոյն ուսման համար մեկնած է Փարիզ, ուր եւ վերջնականապէս հաստատուած է նուիրուելով գրականութեան եւ ֆիլմարուեստի գործին:
Առաջին շրջանին Soir de Beyrouth թերթի թղթակիցը եղած է, բայց համալսարանական մասնագիտութեան մէջ հետեւած է բեմադութեան:
Իր առաջին գրական ստեղծագործութիւնը եղած է վէպ մը՝ «Կեանքի Օրուընէ Մնացածագրով», որ լոյս տեսած է 1953ին: Անկէ երկու տարի ետք միայն, 1955ին հրատարակած է «Ակն ընդ Ական» վէպը, որ ժողովրդային լայն յաջողութիւն եւ ճանաչում բերած է հեղինակին, եւ արժանացած է Ռիվարոլ մրցանակին:
1957ին լոյս տեսած է «Կարթը», 1958ին՝ «Սեղմուած Բռունցքներ», 1960ին՝ «Արարչի Ութերորդ օրը»: Նոյն տարին լոյս ընծայած է «Գիշատիչների Խնճոյքը», 1963 ին՝ «Գաւազանը», 1966ին «Կապիկների Նաւը», 1968ին՝ «Հրեայի Մահը», 1975ին «Մարդ մը Ինկաւ Փողոցը», 1977ին «Աշխարհ», 1979ին « Աղմուկ մը որ կը լսուի»:
Իր վերելքը կը շարունակուի: Իսկ այս վէպերը, վիպակներն ու պատմուածքները, առանձին հատորներով թէ մամուլով, (թարգմանաբար) լոյս կը տեսնեն Հայաստանի մէջ, ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն:
Նշանաւոր է իր պատմական եւ վաւերագրական այն հատորը («Դաշոյն մը Այս Պարտէզին Մէջ»), որ կը ներկայացնէ Արեւմտահայութեան տառապալի կեանքը համիտեան տարիներուն, շարունակուող կեղեքումներն ու կոտորածաները, մինչեւ Մեծ Եղեռն եւ ցեղասպանութեան սրտառուչ նկարագրութիւնները: Վէպը, որ լոյս կը տեսնէ 1981ին, աննախընթաց ժողովրդականութիւն կը վայելէ հայ թէ օտար շրջանակներուն մէջ, իր միւս գործերուն նման թարգմանուելով բազմաթիւ լեզուներու:
Իր վէպերու եւ պատմուածքներու շարքին անհրաժեշտ է յիշել նաեւ ֆիլմերը, անձամբ իր կողմէ պատրաստուած թէ ֆրանսական վաւերական բեմադրիչներու միջոցաւ իրականացած:
Բայց ան չի մոռնար իր սիրած լրագրական ասպարէզը, կը պատրաստէ երկու խոր ուսումնասիրութիւններ՝ «Արգահատանք Չկայ Կոյրերու Հանդէպ» եւ «Քաղցկեղէ Տառապողները», որոնց համար կը ստանայ Պելմանի մրցանակը:
Վերոյիշեալ վէպերէն ոմանց շարքին, ժապաւէնի կը վերածէ նաեւ «Գալիլիա», «Ուզածիդ Չափ» եւ «Լողալու Ուսուցիչը»:
Զարմանալի աշխուժութեամբ եւ առանց իր արագ ստեղծագործութեան մէջ գրական զիջում արձանագրելու, Վահէ Քաչա մնայուն կերպով իր մարդկայնական բոլոր բնորոշումներուն մէջ կը մնայ վեհ, մարդկային, եւ հայութեան անունը թէ՛ իր յարաբերութիւններու ընթացքին, թէ՛ ստեղծագործութիւններու մէջ բարձր կը պահէ:
14 Յունուար 2003ին, Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կը կնքէ, ժառանգ թողլով մօտ 25 վէպ եւ վիպակներ, 15 ժապաւէններ, մեծ թիւով յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ՝ ցրուած ֆրանսական մամուլին մէջ:
Թէեւ ֆրանսական արուեստով կլանուած, բայց նաեւ օժանդակած է մեծանուն բեմադրիչ Հանրի Վերնոյի (Աշոտ Մալաքեան), իր Le Casse եւ «Մայրիկ» ֆիլմերուն մէջ, ինչպէս նաեւ գործակցած է MGM ընկերութեան, Քըրկ Տակլըսի հետ իրականացնելով «The Hook» ժապաւէնը:
Վահէ Քաչա մասնաւոր տեղ ունի Ֆրանսական գրականութեան եւ ֆիլմարուեստին մէջ:
Ֆրանսա կու գայ Բ. Աշխարհամարտի աւարտին, երբ աշխարհի արուեստի մայրաքաղաքին մէջ կեանքի եւ ճակատագրի մասին իմաստասիրական որոնումներ կը կատարուէին: Միաժամանակ՝ մարդ անհատի գոյութենական իրաւունքի արժեւորում, մահուան եւ կեանքի տարբերութիւններու հանդէպ արհամարհանք եւ ապրող էակներու բախտը արկածներով կը բացատրէին: Եւ այս բոլորին մէջ իր «սըսփէնս»ները հետաքրքիր գրականութեան վերածող գիւտերու յօրինումներով կը զարգանային:
Փարիզի մէջ իր ուսանողական շրջանին էր, որ ֆրանսական գրականութիւնը կը կորսնցնէր իր մեծութիւնները, տեսակ մը անկումային շրջանի մը մէջ կը գտնուէր. մէկը միւսին յաջորդող …իզմերը որոնումի մէջ էին մեծ ու փառաւոր անցեալ, մշակոյթ ու համբաւ ունեցող ժողովուրդի մը պարտութիւնն ու ենթարկուածութիւնը ամոքելու հէնքեր տակաւին չէին հաստատուած:
Ֆրանսա նոր շունչ, նոր անուն, նոր ըսելիք կը փնտռէր եւ կը ջանար Քամիւի, Սարթրի, Ժաք Փրէվէրի կողքին գոյութենապաշտութիւնը գրականացնող երիտասարդ ոյժերով ներկայացնել, նորոգել իր ընկերութիւնը, որ պատերազմի պատճառով ահաւոր եսակեդրոն եւ անհատապաշտ թեքումով՝ որոշ շրջան մը՝ սկսած էր ամերիկեան մշակոյթի եւ կենցաղի ազդեցութեան ենթարկուիլ: Այս շրջանին մէջ կ՛իյնայ Ֆրանսուազ Սականի հետ՝ Քաչա, որուն երկրորդ գիրքը Ֆրանսայի նշանաւոր բեմադրիչ Հանրի Քայաթի կողմէ ժապաւէնով նշանաւորուելու կ՛արժանանայ եւ ֆրանսական արուեստին մէջ մուտք կը գործէ, ժողովուրդին նոր խօսք, նոր ապրում եւ նոր շունչ բերելով:
Քաչա նաեւ ունէր յաւելեալ երկու առաւելութիւններ: Գրասենեակին մէջ նստած խոկալով հանդերձ վերոյիշեալ մեծ իմաստասէր գրողներու նման մարդկային կեանքի լինելիութեան եւ անլինելիութեան, մահուան եւ կեանքի տարբերութիւնը արհամարհող սկզբունքներուն վրայ, ան կը ներկայացնէր ֆրանսացի ժողովուրդի թաւալող կեանքը, եւ անոր՝ պարտութենէն դէպի նոր զարթօնք ու քաղաքական նոր վերելք անյուսահատ ձգտումը, գրականացնելով զայն ժապաւէնով ուղղակի արտայայտելու պատեհութիւնը։
Կը փորձուի Ֆրանսայի մէջ իմաստականացնել գրականութեան ճամբով յիշողութեան անհեթեթութիւնը, քաղաքական մտահոգութեամբ: Բայց հակառակ այս ուղղութեամբ եղած ճիգերուն, Քաչա չի հեռանար ժողովուրդէն, այլ, յոգնած ընթերցողներու մտամարզանքներուն հետ կը փորձէ մերժել քաղաքական պարտուածութիւնը եւ պահպանել իր արժանապատուութիւնը պահող ժողովուրդի մը ճիգը: Անոր հերոսները, առնուած աւանդական ընտանիքներէն, ցնցումներու ենթակայ են: Երիտասարդները կ՛ապրին իրենց անապահովութեան մէջ, իսկ ամէնօրեայ զբօսանքային պահերը, հոգեբանութեան մղումներուն կ՛ենթարկուին: Այս վճռակամութեամբ իրենց եսի սահմանները ընդարձակել կը փորձեն, ազատութեան եւ իրաւունքի տիրապետութիւն հաստատելու ճամբով ընտանեկան անհասկացողութիւներու, սիրային ոճիրներու պատճառ կը դառնան:
Ան տուաւ կեանքեր, որոնք իր նոր, նորոգուած միջավայրէն, այնքան մեծ ճարտարութեամբ քաղուած լրագրողի փորձառութենէն կու գային:
Եւ կը սիրուի իր Արեւելքցիի խառնուածքին յատուկ՝ համարձակ արտայայտչականութեան շնորհիւ: Կը սիրուի, որովհետեւ ֆրանսացին կը տեսնէ հայուն կողմէ դիտուած իր կեանքի գործնական, հոգեբանական, իրապաշտ եւ իմաստասիրական երեսները:
Իր հերոսներն ու անոնց ամէնօրեայ կենցաղային ապրումները ժողովրդային կեանքի տուայտանքը կը ցոլացնեն, եւ իրենց պարտադրուած ընկերային կեանքին արուեստականութեան դէմ պաշտպանուելու համար դիմելով Սարթրեան գոյութենական ազատագրութեան իրաւունքին: Ազատագրութիւն մը, որ միայն մահուան եւ կեանքի սահմաններուն մէջ չէր կայանար, այլ կ՛ապրէր ազատութեան իրաւունքի պրպտումին մէջ: Անկախ Սարթրէն, Քաչա, իր գրականութեան մէջ պարզուող գործողութիւններու, գլխաւոր իրադարձութիւններով, կ՛ազդուի Պէքէթի «Կոտոյին Սպասելով» թատերախաղի «սըսփէնս»ներէն եւ ֆրանսայի ամենէն մեֆիստոֆելեան գրող՝ Ժան Ժենէի բացասական տիպարներէն: Ամբողջութեամբ չ՛ընդունիր մարդամեքենային տիրապետութիւնը, բայց այս վէպին ամէնէն յղփացած, հաճոյասէր եւ ինքզինք գերմարդ նկատող հերոսը շփման մէջ կը դնէ զղջումնահար մեծահարուստին, տհաս երիտասարդին, անմուրազ սիրատենչին, ձախողած ամուսնին, անյաջող ուսուցչին հետ:
Քաչա կ՛ըլլայ այն յանդուգն գրողը, որ բեմ կը բերէ հերոսներ, որոնք կեանքի խոցելի երեւոյթներուն դէմ քաջաբար դիմադրել գիտէին, առանց վախի մահուան աչքերուն նայելու, չարութիւններուն դէմ պայքարելով եւ ամէնէն տագնապալի կացութիւններուն մէջ որոնումի բաւիղներէն յառաջանալով անպայման տաղանդաւոր ելքեր գտնելու, ասոնցմով իսկ յաղթահարելու, կեանքի ընթացքին մէջ դրժելով ժամանակակիցներու պարտուողական համոզումները:
Վահէ Քաչան վերլուծելով կարելի է յիշել Էտկար Ալլըն Փօն, որ ոճիր-արկածներու, «Տարօրինակ Պատմութիւններով» մարդուն թաքուն ենթամտածումները, ենթազգացումները երեւան կը հանէր, վախի, զզուանքի, մասնաւորաբար մահուան դէմ արհամարհանք մը տածելով:
Բարեբախտաբար Քաչայի վիպագրական ասպարէզին հետ կային նաեւ երկու ուրիշ ազդակներ, մամուլ եւ ժապաւէններ, որոնք որքան ալ իրեն ջամբեցին ժամանակի իմաստասիրական չափանիշներ եւ մարդկային կեանքի գերագոյն արժէքներ, ան, ապրելով ժողովուրդին մէջ, ապրելով իրապաշտ կեանքի պայմաններուն մէջ, հաշտուած է մահ կոչուած իրականութեան հետ, եւ յաւերժութեան այդ գաղափարը յատկապէս շեշտուած կը տեսնենք «Un Poingard dans Le Jardin» խորագրով հայութեան Եղեռնի վաւերագրութիւնը ներկայացնող վէպին մէջ, որուն մասին խօսեցանք արդէն:
Իր գործերուն մէջ մահերը կը ներկայացնէր մարմնական գոյութեան վախճանով, բայց հակառակ ոճիր-արկածներով աշխուժացած իր գրականութեան, ակներեւ է այն սէրը, զոր ան ունի դէպի մարդը: Մարդը մնայուն կերպով պատմութեան առանցքն է, մարդը իր ճակատագրին տէրն է, բայց նաեւ մարդ անհատը երբեմն այն գիշատիչն է, որ կը մասնակցի խնճոյքներուն եւ ահա այսպիսի անձերուն դէմ է, որ կը պայքարի Քաչա:
Իր գործերէն կարելի է յիշել «Արարչի Ութերորդ Օրը», «Գիշատիչներու Խնջոյքը», «Ակն ընդ Ական», «Գաւազան»:
Կու տանք հատուած մը իր պատ-մուածքներէն.
«Աբէլ, Ադամ, Եւա եւ Կայէն կը ճաշէին: Ասիկա առաջին ընտանիքն է: Յանկարծ Եւա կը նկատէ, որ միրգ չկայ: Ամուսինին եւ տղաներուն կ՛ըսէ որ երթան եւ ելակ հաւաքեն: Անոնք անտառ կ՛երթան: Ադամ ըստ սովորութեան կ՛երթայ խնձոր հաւաքելու եւ կը պատուիրէ որդիներուն որ ելակ հաւաքեն: Անմիջապէս որ հայրը կը հեռանար, Աբէլ կը փռուի գետին, ճաշէն ետք հանգիստ ընելու։ Կայէն եղբօր վրայ բարկացած կը յարձակի եւ կը պահանջէ որ իրեն օգնէ: Ան շատ ուժեղ կը հարուածէ: Քառորդ ժամ ետք Ադամ կու գայ եւ կը հարցնէ Կայէնին, որ լաւ աշխատա՞ծ էր: Այո, կը պատասխանէ Կայէն, բայց նաեւ կը յայտնէ թէ Աբէլ ոչինչ ըրաւ: Շատ լաւ, կ՛ըսէ հայրը, Արթնցուր որ տուն երթանք: Կայէն կը փորձէ արթնցնել Աբէլը, բայց Աբէլ չ՛արթննար: Կայէն սպաններ էր զայն: Այսպէս, Աբէլ մեռած էր: Բայց անոնք չէին գիտեր որ մեռած է, քանի որ մինչեւ այն ատեն ոչ մէկը չէր մեռած:»