Ձմեռնամուտը առհասարակ ժիր ու եռուզեռով լեցուն կ՛անցնի՝ ձիւնն ու ցուրտը ամէն կողմ պատելէն առաջ. պէտք է ապահով ըլլալ որ մարագը յարդով լեցուն ըլլայ, արտերուն ցանքն ու մրգաստաններուն բուրումնաւէտ պտուղները հաւաքուած եւ պատրաստուած՝ ձմրան պաշարի համար, կարասները՝ լեցուն պանիրներու տեսակներով եւ ձիթապտուղը՝ աղի ջուրին տակ. եւ գիւղին վրայ տակաւին կը շրջի Նոյեմբերի կէսերուն կոխուած ամէնէն յարգի գինիին բարկ բոյրը:
Կեանքը ապահովելու մեծ աշխատանքը կը ցոլացնէ հին օրերու կեանքէն առնուած այս պատկերը: Մեր օրերուն՝ նոր կերպերով կը կատարուի միեւնոյն աշխատանքը, մեզի ընծայելով աւելի ժամանակ՝ տրամադրելու համար զայն մեր նախասիրած գործունէութիւններուն. տօնածառը յարդարել, նուէրներ պատրաստել մեր սիրելիներուն եւ ծանօթներուն համար, յիշել հեռու տեղեր ապրող մեր ազգականներն ու ծանօթները եւ մաղթանքի նօթեր ղրկել անոնց: Որքա՜ն սիրելի են Ծնունդի եւ Ամանորի պատրաստութեան նուիրուած մեր ժամանակն ու աշխատանքը:
Մխիթարեան վարժարանն ալ եփուն է եռուզեռով եւ կեանքի ամէնէն գեղեցիկ նշաններով:
Ծննդեան հանդէսները պատրաստութեան մէջ էին երկար շաբաթներէ ի վեր, երբ դպրոցին դասարաններէն սկսան լսուիլ տօնական օրերու նուիրուած երգերը: Ապա ընթացքը աւելի աշխոյժ ամանակ առաւ՝ հանդէսներուն փորձերով:
Եւ ահա հասան ամէնուս հոգիներուն սիրելի տօնական այս օրերը: Տօն լոյսի եւ կեանքի. ոչ միայն բնական լոյսին՝ երբ տիւն աւելի կը սկսի երկարիլ եւ գիշերը կ՛ամփոփուի, այլ մեծ աւետիսին՝ գերբնական լոյսին յայտնութեան, որ սօսական տերեւներու գուշակութիւններէն անհամեմատօրէն գերազանց կերպով արդեամբ կը բերէ խաղաղութեան օրերը, արդարութեան յաղթանակին օրերը, օրերը մարդ եղած մեր Աստուծոյն թագաւորութեան:
Շնորհաւոր ըլլան Ձեր տօնական օրերը: Բարի ըլլան Ձեր խնճոյքներու սեղանները:
Մխիթարեան վարժարանին կողմէ ընդունեցէք ոչ միայն մաղթանք աշխարհի խաղաղութեան, այլ նաեւ՝ աւետիս կեանքի գեղեցկագոյն նորոգութեան, եւ Ձեր զաւակներուն մտքի ինչպէս նաեւ հոգիի գերազանց լուսաւորութեան:
Դեկտեմբեր ամսուն, Վարժարանիս գոյատեւման համար կարեւոր քայլեր առնուեցան:
Երկուշաբթի, Դեկտ. 7ին, արդարեւ, տեղի ունեցաւ մեր երկրորդ ամսական ծնողական ժողովը: Հակառակ ցուրտ ու անձրեւոտ օդին՝ ծնողներէն 53 հոգի ինչպէս նաեւ Ուսուցչական կազմը ներկայ եղան այս շահեկան ժողովին:
Դաւիթ վրդ. Ղազարեան կատարեց բացումը, հրաւիրելով ամէնքը նուիրուելու վարժարանին վերածնունդին, որովհտեւ ամէնուն շինարար տաղանդին եւ անշահախնդիր գործակցութեամբ միայն կարելի պիտի ըլլայ վերստին ոտքի կանգնել Մխիթար Սեբաստացի Աբբահօր այս տունը: Անձերը կը փոխուին, ըսաւ ան, սակայն այս Վարժարանը միշտ պիտի մնայ որպէս Մխիթարեան հաստատութիւն, շարունակելու Լոս Անճելըսի հայ մանուկներուն դաստիարակութիւնը Միաբանութեանս յատուկ դիմագիծով եւ կոչումով: Հ. Ղազարեան ապա հրաւիրեց Յովհաննէս Խոստեղեանը՝ վարժարանիս գործադիր վարիչը՝ որպէսզի
ներկայացնէ օրուան նիւթը:
Վարժարանիս երեսուն եւ մէկ տարիներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ պր. Խոստեղեան բացատրեց այն սկզ-բունքները, որոնցմէ մեկնելով Արտաքոյ Կարգի յանձնախումբը պատրաստած էր մեր Վարժարանին տարեկան նախահաշիւը: Ան շեշտեց կարեւորութիւնը անկեղծ խօսակցութեան, որ պէտք է գոյանայ եւ կեանք առնէ ծնողներուն, վարժարանիս վարչութեան, ուսուցչական կազմին եւ ուսանողութեան միջեւ: Այս համարձակ բայց նաեւ յարգալիր հաղորդակցութիւնը պիտի կազմէ վարժարանիս վերանորոգ աշխուժացման հիմնաքարերէն մին:
Որպէս երախայրիք ճիշդ այս նոր կարգին, ըսաւ գործադիր վարիչը, ահաւասիկ մենք այսօր ձեզի կը ներկայացնենք եւ ամէնքդ կը հրաւիրենք միասին քննարկելու այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ պիտի կառուցանենք մեր հասարակաց վարժարանը:
Այս տարուայ նախահաշիւին սիրտն ու հոգին կրնանք արտայայտել, գերազանց գաղափարով, ըսաւ պր. Խոստեղեան, եւ ներկայացուց նիւթը հետեւեալ գլուխներուն տակ.
Վարժարանիս նպատակը, եկամուտները, ելքերը, տնտեսութեան մատակարարումը, ոսկեղէն չափը, կրթաթոշակ, եւ հուսկ՝ արգասիք:
Վարժարանիս նպատակը կեդրոնացած պիտի ըլլայ միայն ու միայն ստեղծելուն եւ աներկբայօրէն նախախնամելուն մէջ՝ սորվելու տիեզերք մը. աշակերտը ամէն օր պիտի մտնէ այս ներաշխարհին մէջ, արդարեւ գեղեցկագոյն վերակազմութիւն մը հայուն եւ համայն մարդկութեան ամէնէն նուիրական սկզբունքներուն եւ գաղափարախօսութիւններուն: Անոր ամէն մէկ քայլը պիտի ըլլայ սքանչելի ճանապարհորդութիւն մը հեռաւոր եւ փառաւոր մեր հայրենիքին մէջ: Մխիթարեան վարժարանը թէ՛ տաճար է գիտութէան, ուր հասակ պիտի առնէ իւրաքանչիւր հայ մանուկի կորովի միտքը, եւ թէ՛ կրակարան է յառաջադէմ քաղաքակրթութեան, ուր ամէն աշակերտի ինչպէս եւ ուսուցիչի հոգին սնունդ պիտի ստանայ վեհագոյն կրթութեամբ:
Վարժարանիս եկամուտին մեծագոյն մասը կու գայ կրթաթոշակէն եւ արձանագրութեան տարեկան սակէն: Նուիրատուութիւններ՝ ըլլայ առատահոգի անհատներէ, ըլլայ հիմնարկներէ, մեծ դեր ունեցած են տարեկան բացերը մեղմացնելուն մէջ: Դպրոցական հանգանակութիւնները, ունենալով հանդերձ դաստիարակչական արժանիք, ի սահմանէ կարող են միայն փոքր ծախսեր փակել: Ծնողա-ուսուցչական խորհուրդին ձեռնարկներուն պէտք է աւելի զարկ տալ եւ քաջալեր ու թիկունք կանգնիլ, որպէսզի ունենան ցանկացած արդիւնքը:
Խնամուած եւ լաւ ծրագրուած նախահաշիւ մը պարտական է յատկացումներ կատարել որեւէ վարժարանի համար նուազագոյն աստիճանով ընդունելի գրադարանի մը. սակայն, նայեցէք ձեր չորս դին, պր. Խոստեղեան հրաւիրեց ներկայ ծնողները, եւ դուք հաճեցէք ըսել՝ եթէ անընդունելի աստիճանի այս լքուած սենեակը կարելի է առանց ամչնալու գրադարան կոչել:
Վարժարանը չունի գիտական նիւթերուն համար լրջօրէն անհրաժեշտ աշխատասենեակ մը, թողունք հոգեբանական եւ դաստիարակչական սպասարկութիւններուն համար էականօրէն կարեւոր կառոյցներն եւ անձնակազմը: Մխիթարեան վարժարան մը անկարելի է պատկերացնել առանց այս անհրաժեշտութիւններուն:
Վարժարանին հաշիւները 2006էն սկսեալ դասաւորելով՝ անժխտելի կերպով կը տեսնուի որ ամէն տարի 100էն մինչեւ 200 հազար տոլարի բաց ունեցած է ան: Ցորքան խնայողութեան հաշիւներուն մէջ դրամ մնացած էր՝ հարց չէ ծագած մտքերու մէջ թէ ինչպէ՛ս դիմագրաւելու էր տարիներով պատրաստուող տագնապը: Բայց ահա հասաւ ժամանակը եւ խնայողութիւններու պարապագոյն հաշիւներուն տարիներով երեսի վրայ թողլքուած վիճակը այլեւս կարելի չէ ուղղել՝ եթէ ոչ մասնագիտացեալ տնտեսական գիտութեամբ, ինչպէս նաեւ խոր ծանօթութեամբ մատակարարական մեթոտներու եւ միջամտութիւններու, որոնց շնորհիւ միայն կարելի է սահմանափակել ծախսերը, սահմանել եւ բաշխել պարտականութիւններն ու
պատասխանատուութիւնները, եւ հուսկ՝ վստահութիւն ներշնչել բարերարներու ինչպէս նաեւ դրամական հաստատութիւններուն: Ուրիշ կերպ կարելի չէ մշակել եւ արդեամբ մէջտեղ բերել բարձրագոյն որակի ուսումնական ծրագիր՝ առաջնորդելու համար Մխիթարեան Վարժարանին դէպի գերազանց յաջողութիւն:
Նախահաշիւին ներկայացման յաջորդ երկու բաժինները կը վերաբերէին կարեւոր հարցին՝ թէ ինչպէ՛ս կարելի էր փշրել օղակը, որ վերջին տարիներուն տակաւ պատանդած էր Վարժարանս՝ արձանագրութիւններուն փլուզումով, եւ ասոր հետեւանք՝ կրթաթոշակներու անկումով: Պր. Խոստեղեան կեդրոնացաւ քննարկելու փոխադարձ կախումնաւորութիւնը ընդմէջ կրթաթոշակի եկամուտին, որով կարելի է ապահովել անհրաժեշտ միջոցները բարձր որակի ծրագիրներ մշակելու, եւ նոր արձանագրութիւններու, որոնք իրենց կարգին ձգիչ ոյժն են եկամուտ բերելու: Խնդիրը հետեւեալն է. ինչպէ՛ս կարելի է գտնել կերպը այս անիւը դարձնելու:
Ընկալեալ իմաստութեամբ՝ այս անիւը դարձնելու համար պիտի աւելցնէինք կրթաթոշակները. սակայն, ոչ երկրին ներկայ տնտեսական տագնապը, ոչ ալ վարժարանս յաճախող բնակչութեան ընկերային-տնտեսական դիմագիծը չ՛երաշխաւորեն նպաստաւոր եւ ակնկալեալ յարմարագոյն արդիւնքը: Հետեւաբար, բացատրեց պր. Խոստեղեան, Արտաքոյ Կարգի յանձնախումբին մշակած ընթացքը սկիզբէն ի վեր, այսինքն 2009ի Օգոստոս ամսուն սկիզբէն, կեդրոնացաւ ապահովելուն վրայ նուազագոյն աստիճանի անհրաժեշտ միջոցները ինչպէս նաեւ գործի լծուեցաւ բարձրացնելու Վարժարանիս մէջ դասաւանդուած ուսումնական ծրագրին որակը:
Կրթաթոշակը ծանր լուծ մը պէտք չէ նկատել. ընդհակառակը, այդ լաւագոյն եւ ամէնէն վստահելի դրումն է, զօր ծնողքները կը կատարեն ապահովելու համար մտաւոր եւ հոգեկան ուռճացումը իրենց ամէնէն յարգի գանձին՝ իրենց զաւակներուն: Իբրեւ պատասխանատու անդամներ մեր Վարժարանը կազմող համայնքին, լրիւ կրթաթոշակը վճարելը ամէնէն արդիւնաւէտ կերպն է շօշափելի ապացոյց տալու մեր յանձնառութեան՝ վեր պահելու համար այս վարժարանը: Մեծագոյն փաստն է այս նաեւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին հանդէպ մեր ունեցած պատասխանատուութեան, որովհետեւ պիտի ապահովէ մեր զաւակներուն հայեցի լաւագոյն եւ գիտական կատարելագոյն դաստիարակութիւնը:
Աւարտին, գործադիր վարիչը յայտարարեց կարգ մը փոփոխութիւններ կարգապահական եւ վճարումներու վերաբերեալ, եւ ապա պատասխանեց ծնողներուն հարցումներուն: Երկու ժամէն աւելի տեւեց մեր երկրորդ ծնողական ժողովը:
Թղթակցութիւնը
վարժարանէն