ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գայիանէ» պարի դպրոցին, Դեկտեմբեր 25ի եւ 26ի երեկոյեան, «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած է հայրենի «Ամբերդ» պարախումբի եւ Համազգայինի «Գայիանէ» պարի դպրոցի միացեալ ելոյթը՝ ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու, արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ ժողովրդային մեծաթիւ բազմութեան, որուն թիւը շուրջ 1500 եղած է։
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք Համազգայինի «Գայիանէ» պարի դպրոցին անունով հանդիսութեան բացման խօսքը ընթերցած է Նորա Թաշճեան եւ ըսած. «իրերայաջորդ սերունդներու մօտ ազգային հպարտութիւնը, ինքնաճանաչումի գիտակցութիւնը կերտելու եւ Հայ Դատի հետապնդումը ապահովելու համար հարկ է պատանիներուն ու երիտասարդներուն ծանօթացնել ազգային վաւերական արժէքները, անոնց փոխանցել ճիշդ արուեստի ճաշակը եւ զանոնք օժտել հայկականը ոչ հայկականէն զանազանելու կարողականութեամբ»։
Թաշճեան յայտնած է, որ հայրենի «Ամբերդ» պարախումբին Լիբանանի ելոյթները իրականացնելը դժուար գործ մըն էր, սակայն բազմաթիւ հայորդիներու բարոյական ու նիւթական ներդրումին եւ աջակցութեան իբրեւ արդիւնք կարելի եղաւ թափ տալ ճիգերուն ու հարթել բոլոր կազմակերպական դժուարութիւնները՝ յաջողութեամբ պսակելու համար ճշդուած նպատակը։
Իր խօսքի աւարտին Նորա Թաշճեան շեշտած է, որ Լիբանանի բեմերէն, Համազգայինի «Գայիանէ» պարի դպրոցի եւ հայրենի «Ամբերդ» պարախումբի պատանիներն ու երիտասարդները՝ անտեսելով հայրենիքը բաժնող բոլոր նիւթեղէն սահմանները, ձեռք-ձեռքի տալով, միասնաբար պիտի բռնեն «Արագած»ի նոր շուրջպարը։
Ապա «Ծովից ծով» պարով սկսած է պարային ելոյթը։ Երկու մասերով «Ամբերդ»ն ու «Գայիանէ»ն ներկայացուած են 21 պար։ «Ամբերդ»ը ներկայացուցած է «Աւարայր»ը, «Արտաշատի պար»ը, «Շալախօ»ն, «Հովիւներու պար»ը, ինչպէս նաեւ վրացական, գնչուական, ուքրանական եւ այլ պարեր։ Իսկ «Գայիանէ» պարի դպրոցը ներկայացուցած է «Լոռկէ»ն, «Քոչարի»ն, «Սարդարապատ»ը եւ «Սպանական պար»ը։ Զոյգ ելոյթներուն ընթացքին հիւրաբար ելոյթ ունեցած է հայրենի երիտասարդ երգչուհի Հայկուհի Պապախանեան, որ բարձրորակ կատարումով մեկնաբանած է «Փախրադըն մեռած» եւ «Երգիր ինձ համար» երգերը։
Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն զարկ տուող ու պարարուեստը քաջալերող հանդիսութիւնը, որ իրականացած էր շնորհիւ Համազգայինի ջանքերուն, բարերարներու օժանդակութիւններուն ու պարուսոյցներուն՝ Էտկար Յովհաննէսեանի («Ամբերդ») եւ Անդրանիկ Գրիգորեանի («Գայիանէ») հետեւողական ու կազմակերպուած աշխատանքին ներկաներուն կողմէ ստացած է իր արժանի գնահատանքն ու քաջալերանքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.