ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հոգեւոր երաժշտութեան Պէյրութի Բ. փառատօնի համերգներուն շրջագիծէն ներս, Շաբաթ Դեկտեմբեր 26ի երեկոյեան, Պէյրութի «Սենթ Էլի» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Համազգայինի «Կարկա»չ մանկապատանեկան երգչախումբի՝ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած «Ուրախ հնչիւններ» թեման կրող երկրորդ համերգը՝ ներկայութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, հայ թէ օտար արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու։
Երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարն ու խմբավարն է Զաքար Քէշիշեան, իսկ խումբին դաշնակահարն ու երգեհոնահարն է Կամիլա Քէշիշեան։
Կարկաչականները շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին երգած են տօնական օրերուն նուիրուած հայերէն, անգլերէն, լատիներէն, իտալերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն երգեր։ Դասական երգերը ներկայացուած են երգեհոնով։