ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- ԼՂՀ ազգային ժողովի Դեկտեմբեր 29ին, իր արտահերթ նիստին ընթացքին, հաստատած է ԼՂՀ 2010ի պետական պիւտճէի նախագիծը, որուն վերաբերեալ, նոյն օրը, մամլոյ ասուլիս տուած է վարչապետ Արա Յարութիւնեան։
Ըստ վարչապետին գալիք տարուան պետական պիւտճէն իրատեսական է եւ իրենք պիտի կարենան ապահովել ոչ միայն անոր ծախսերն ու եկամուտները, այլեւ՝ ակնկալուող տնտեսական աճը:
Վարչապետը նաեւ յայտնած է, որ եկող տարի իրականացուող խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի նաեւ իր ղեկավարած «ազատ Հայրենիք» կուսակցութիւնը։
Իբրեւ տարուայ ձեռքբերում, վարչապետը ընդհանուր երկրի կեանքին մէջ նշած է ժողովրդագրական վիճակին բարելաւումը, իսկ ներքին հասարակական-տնտեսական կեանքին մէջ՝ շինարարութեան աննախադէպ ծաւալներու ապահովումը: Իբրեւ թերացում վարչապետը նշած է գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ առկայ ցուցանիշները, որոնք շատ հեռու են ոլորտի զարգացման համար նախատեսուող ցուցանիշներէն, եւ որուն հիմնական պատճառը մասնագէտներու բացակայութիւնն է:
Նշենք, որ Ազգային Ժողովի հաստատած պիւտճէն կազմած է 59 միլիառ 879 միլիոն 737 հազար դրամ (Շուրջ 155 միլիոն դրամ)։