ԱՆԳԱՐԱ, «Փանորամա».- Թրքական «Sabah» թերթի յայտնի վերլուծաբան Օմեր Թաշփընար անդրադարձած է հայ-թրքական արձանագրութիւններու ներկայի եւ յետագայ հաւանական զարգացումներուն, անոնց վաւերացման ներկայ գործընթացը գնահատած է իբրեւ մահաքունի մէջ մտած վիճակ: Ըստ իրեն, Հայաստանի նախագահի յանձնարարութեամբ Երեւանի մէջ Արձանագրութիւնները չեղեալ յայտարարելու տարբերակը բաւական վտանգաւոր է եւ կրնայ վերջնական հարուած հասցնել կարգաւորման գործընթացին: Թուրք վերլուծաբանին կարծիքով՝ Անգարան կրնայ զայն օգտագործել որպէս պատեհութիւն՝ աշխարհին ներկայացնելու, թէ գործընթացը տապալեց հայկական կողմը:
«Եթէ Սերժ Սարգսեանը ստորագրութիւնը ետ վերցնէ, ապա Ուաշինկթընի մէջ ընկալումը այնպէս կ՛ըլլայ, որ բոլոր մեղադրանքները կը հասցէագրուին թրքական կողմին: Պատճառը շատ պարզ է: Ըստ Ուաշինկթընի՝ թրքական իշխանութիւնները շարունակեցին արձանագրութիւնները կապել ղարաբաղեան հիմնախնդրին հետ: Այդ տեսանկիւնէն Ուաշինկթընի եւ Երեւանի գնահատականը նոյնն է. Հոկտեմբերին Զիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութուններուն մէջ հայ-թրքական սահմանի բացումը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններուն հաստատումը ոչ մէկ ձեւով չէր պայմանաւորուէր Ղարաբաղի հետ: Մինչդեռ այդ նախապայմանը քաղաքական նպատակներով այժմ կը կիրառուի Անգարայի կողմէ», յայտնած է Թաշփընար:
«Կամ ղարաբաղեան հիմնախնդրին մէջ առաջընթաց, կամ արձանագրութիւններու ձախողում». Անգարայի այս դիրքորոշումը նշելով՝ Թաշփընար միեւնոյն ատեն նկատած է, որ Ղարաբաղի հարցին մէջ հրաշքներ պէտք չէ ակնկալել: Երեւանը արձանագրութիւններու եւ Ղարաբաղի միջեւ որեւէ կապի ստեղծում թոյլ չտալու համար յատկապէս այս պահուն աւելի պիտի յամառի, իսկ եթէ ան ալ տանի հայ-թրքական գործընթացի տապալման, այն ատեն թուրքերուն համար Ուաշինկթընի մէջ պիտի ստեղծուի անցանկալի իրավիճակ:
«Այդ պայմաններուն մէջ գործը պիտի մնայ Ուաշինկթընի ուսերուն: Անգարայի հետ «նոր դժբախտ պատահարի մը» մէջ չմտնելու համար՝ Օպամայի վարչակազմը հարկադրուած պիտի ըլլայ դիմել դիւանագիտական նոր ստեղծագործ հնարքի, նշած է թուրք փորձագէտը եւ աւելցուցած. «Ըստ ինծի՝ այդ դիւանագիտական «մանեւր»ին իբրեւ արդիւնք այսպիսի առաջարկ մը պիտի դրուի սեղանին: Երեւանն ու Անգարան թող միաժամանակ իրենց խորհրդարաններուն ներկայացնեն արձանագրութիւններէն միայն մէկը: Երեւանն ու Անգարան այս պահէն սկսեալ պէտք է նախապատրաստուին, թէ ինչպէս պիտի պատասխանեն Ուաշինկթընի առաջարկելիք այդ բանաձեւին»: