ՊՈԼԻՍ.- «Թուտէյզ Զաման» Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Եւրոմիութեան հետ Պրիւքսելի մէջ շաբաթասկիզբը տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններէն վերադարձին տուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թուրքիա ի՞նչ քայլերու պիտի դիմէ Հայաստանի պաշտօնատարներու կողմէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները չեղեալ նկատելու «սպառնալիքին» նկատամամբ, յայտնած է, որ այս հարցը «տեսլական ունեցող» մօտեցումի մը միջոցով պէտք է լուծուի եւ ոչ թէ կամայական պայմանաժամներ սահմանելով: Մերժելով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացումը Լեռնային Ղարաբաղի հետ շաղկապելու հարցով Անգարային ուղղուած քննադատութիւնը, Տաւութօղլու յայտարարած է. «Երկկողմանի յարաբերութեանց բնականոնացումը շաղկապուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան բարելաւման։ Թուրքիա-Հայաստան սահմանը բազմաթիւ տարիներէ ի վեր փակուած է, սակայն դեռ կը շարունակենք այդ հարցը լուծել փորձել։ Եթէ նոյնպիսի բարիկամեցողութիւն ցոյց տրուի միւս հարցին մէջ (Արցախի տագնապին), ապա ան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումը եւս կրնայ որակականօրէն նոր մակարդակի բարձրանալ»։