ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ սպայակոյտի նախագահ զօր. Իլքէր Պաշպուղի անցնող շաբաթավերջին մարտանաւի մը վրայ տուած մամլոյ ասուլիսը պատճառ դարձած է բողոքի շատ լուրջ արտայայտութիւններու եւ քաղաքական գետնի վրայ կը հնչեն անոր հրաժարումը պահանջող ձայներ։ Շատեր անհանգստացած են Պաշպուղի կողմէ լրատուական միջոցներու, դատական համակարգին ու քաղաքական գործիչներուն ուղղուած սպառնալից յանձնարարութիւններէն, որոնք հակադարձութիւն մըն էին վերջերս յայտնուած կարգ մը փաստաթուղթերու հիման վրայ բանակին ուղղուած քննադատութիւններուն: Մամլոյ ասուլիսին միայն մարտանաւի մը մէջ կատարուած ըլլալը եւս կը մեկնաբանուի իբրեւ ձերբակալուած զինուորականներուն զօրակցութիւն: Կար նաեւ այն հաւանականութիւնը, թէ Պաշպուղ յատկապէս մարտանաւ մը ընտրած էր, որպէսզի պատասխան մը տուած ըլլար այն պնդումներուն, թէ փոքրամասնութեան դէմ մշակուած «վանդակի գործողութեան» կամ պետական հարուածներու փաստաթուղթերը պատրաստած էին ծովուժի բարձրաստիճան զինուորականներ։
Պաշպուղ առաջին անգամ չէ որ նմանօրինակ խիստ յայտարարութիւն մը կ՛ընէ, բայց այս անգամ ան կարծես կարգի կը հրաւիրէր նաեւ դատական համակարգը։ Իրաւագէտներու միութեան անդամները խիստ հակազդեցութիւն ցոյց տուին եւ անոր նախագահը՝ Սինան Գըլըչգայա յանձնարարեց որ սպայակոյտի նախագահը իրաւական համակարգին թելադրութիւններ ընելու փոխարէն, թող մաքրագործէ զինուորական ուժերը:
Մարդկային իրաւանց պաշտպան Պասքըն Օրանն եւս շատերու կարգին դատապարտեց Պաշպուղին յայտարարութիւնը ու ըսաւ, որ այսպիսի յայտարարութեան մը պատիժը հինգ տարի բանտարկութիւն է։ Յայտնի լրագրող Օրալ Չալըշլար կրկնեց, որ բանակը կը շարունակէ քաղաքականութիւն մշակել, մինչդեռ բանակը պէտք չէ զբաղի քաղաքականութեամբ։
Նախկին նախարար Էքրէմ Փաքտէմիրլի յայտնեց, որ նմանօրինակ յայտարարութիւններ վնաս կը հասցնեն Թուրքիոյ վարկին։
Լրագրող Նազլը Ըլըճաք ըսաւ, որ զօրավարին ըրածը «ուրացումի քաղաքականութիւն է» եւ կոչ ըրաւ, որ ան ընդունի անցեալի սխալները եւ նոր էջ մը բանայ, խոստանալով այսուհետեւ աւելի ուշադիր գտնուիլ։
Սակայն, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Տենիզ Պայքալ պաշտպան կանգնեցաւ Պաշպուղին ու ըսաւ, որ ասիկա բնական մամլոյ ասուլիս մը չէ եւ ցոյց կու տայ, որ զօրավարը իր խնդիրը չէ կրցած կառավարութեան բացատրել որ հիմա զայն կը բացատրէ ժողովուրդին: «Ասիկա ծանր ճնշումներու դիմաց ինքնապաշտպանութեան յայտարարութիւն մըն է», պնդեց ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.