ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22ին երկօրեայ այցելութեամբ մը հասաւ Դամասկոս, Թուրքիա-Սուրիա ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի առաջին հանդիպումին ընթացքին գլխաւորելու համար թրքական պատուիրակութիւնը։ Էրտողանի Սուրիա այցելութեան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ շուրջ 56 փաստաթուղթեր, արձանագրութիւններ եւ համաձայնութիւններ պիտի կնքուին։
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քաղաքական եւ մամլոյ խորհրդատու Պուսէյնա Շաապան յայտնեց, որ Էրտողանի այցելութիւնը «երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու խորացման ինչպէս նաեւ Սուրիայէն, Թուրքիայէն, Իրանէն եւ Իրաքէն բաղկացած եւ արեւմտեան ցուցմունքներէ հեռու տնտեսական եւ քաղաքական շրջանային քառանդամ համախմբում մը ստեղծելու ջանքերուն ծիրին մէջ կ՛իյնայ»։