Գոհաբանութեան օրուան զուգադիպող Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Հեռուստամարաթոնին նախորդող օրերուն, Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանը ուրախութեամբ հիւրընկալեց Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախկին նախագահ պրն. Արկադի Ղուկասեանը։
Վարժարանի բարձրագոյն կարգերու աշակերտները հաւաքուած էին «Ներսէս Թաշճեան» մարզասրահին մէջ։ վարժարանի տնօրէն՝ Նազօ Աբանեան հիւրընկալեց պրն. Ղուկասեանը, որուն կ՛ընկերանային Հայաստան համահայկական հիմնադրամի տնօրէն՝ Արա Ակիշեան եւ գործադիր տնօրէն՝ Սարգիս Քոթանճեան, ինչպէս նաեւ Հոլիվուտի մայր եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վիգէն Աւագ Ա. քհնյ. Վասիլեան եւ Հոլիվուտի ազգային պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները։
Տնօրէնը իր ողջոյնի խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ վարժարանին աջակցութիւնը յայտնեց հայրենիքի, Արցախի, եւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամին հանդէպ։