ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Կիրակի երեկոյեան, Կլէնտէյլ Հայ Սքուլի սրահին մէջ, շուրջ 1500 հոգիի ներկայութեամբ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 119ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը յայտարարեց. «Հայրենի ոչ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի մեր ժողովուրդի կամքին դէմ որեւէ քայլ առնելու, ազգային արժէքներուն եւ շահերուն դէմ որոշումներ կայացնելու, մեր անձեռնմխելի իրաւունքներուն հաշւոյն որեւէ զիջում կատարելու։ Հետեւաբար, եթէ նոյնիսկ չվաւերացուին այսօրուան փրոթոքոլները, պէտք է ունենանք հայ քաղաքական բեմին վրայ գործող ոյժերու, հասարակական կազմակերպութեանց ու մտաւորականութեան ջանքերով համակարգուած ազգային ծրագիր մը, ուր ճշդուած պէտք է ըլլան ազգային հիմնական արժէքները եւ իրաւունքները. այլապէս, ապագային ուրիշներ եւս կրնան լիազօրուած զգալ մեր ազգի իրաւունքներուն հաշւոյն որոշումներ տալու, այնպէս՝ ինչպէս այսօրուան իշխանութիւնները, խնդրոյ առարկայ դարձնելով հայ ժողովուրդի կամքը ներկայացնելու իրենց վստահուած հանգամանքը»։ (Իզմիրլեանի խօսքը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք մեր Շաբաթ օրուան թիւով):
ՀՄԸՄի սկաուտներու կողմէ դրօշակի արարողութեամբ բացուած «Ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ» խորագրով տօնակատարութեան հանդիսավարն էր ՀՅԴ Շանթ Ուսանողական Միութենէն Դրօ Գրիգորեան:
Երիտասարդութեան պատգամը փոխանցեց Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արեգ Սանդիկեան:
«Գարեգին Նժդեհի հեռատեսութեան ու նախաձեռնութեան ծնունդ Հայ Երիտ. Դաշնակցութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հայ երիտասարդները կրցաւ համախմբել ազգային ծրագիրներու շուրջ եւ զանոնք այդ ճամբով պահեց ազգի գրկին մէջ», ըսաւ Սանդիկեան:
«Անձնազոհութեան եւ նուիրումի արժէքներուն վրայ հիմնուած մեր կազմակերպութիւնը այսօր գործի կը լծէ նաեւ ժամանակակից արհեստագիտութեան հնարաւորութիւնները՝ արժանաւոր կերպով դիմագրաւելու մեր առջեւ ծառացած բարդ մարտահրաւէրները», յայտնեց Սանդիկեան, աւելցնելով, որ կազմակերպութեան անդամները լի են վճռականութեամբ եւ մեր ազգային իրաւուննքերուն համար պայքարի ոգիով, որուն դրսեւորումներէն մէկն էր, օրինակ, երեսուն երիտասարդներու մէկ շաբաթով հացադուլը՝ ընդդէմ հայ-թրքական արձանագրութեանց:
Սանդիկեան առանձնապէս շեշտեց կարեւորութիւնը ազգային միասնականութեան՝ թէ՛ սփիւռքի, թէ՛ հայրենիքի, եւ թէ՛ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու մէջ:
Մենք պատրաստ ենք պայքարելու յանուն Հայաստանի մէջ արդար կարգերու հաստատման, որպէսզի մեր հայրենիքի հարստութեան 95 տոկոսը սակաւաթիւ մարդոց սեփականութիւնը չմնայ, եւ յաղթահարուին աղքատութիւնն ու ընկերային անարդարութիւնը մեր հողին վրայ, յայտնեց Սանդիկեան:
Տօնակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Վարդան եւ Սիրանոյշ Գէորգեան պարային համոյթը, որ կատարեց «Արցախ» եւ «Քոչար»ի պարերը, ասմունքող Մարալ Վարժապետեան, որ արտասանեց Սիամանթոյի «Մօր մը երազը» եւ Վահան Տէրեանի «Երկիր Նայիր»ին, ինչպէս նաեւ Անահիտ Ներսիսեան, որ կատարեց «Կիլիկիան»:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Քէն Խաչիկեան: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Խաչիկեան նախ անդրադարձաւ թրքական կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցի առանցքային նշանակութեան, եւ այդ մեկնակէտէն՝ Ցեղասպանութեան հերքման աշխատանքներու առանցքային բնոյթին՝ հայ-թրքական արձանագրութեանց գործընթացին մէջ: Խաչիկեան շեշտեց թրքական կողմի անչափ շահագրգռուածութիւնը արձանագրութեանց ստորագրման ու վաւերացման ուղղութեամբ, ընդգծելով միեւնոյն ատեն հայկական կողմի ծանր կորուստներն ու վնասները այս ամբողջ գործընթացին մէջ: (Խաչիկեանի ելոյթին եւս կ՛անդրադառնանք առանձին):
Գանատայի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան ու «Մօտուս Վիվենտի» կեդրոնի տնօրէն Արա Պապեան բանախօսելու համար պիտի գար Գանատայէն, սակայն կամքի անկախ պատճառներով ան չկրցաւ ժամանել Լոս Անճելըս: Պապեանի հեռախօսային ողջոյնը փոխանցուեցաւ ներկաներուն: Այս յատուկ օրուան առթիւ Արա Պապեանի ելոյթը կը ներկայացնենք առանձին: (տես այսօրուան «Օրը Օրին» սիւնակը)
Հանդիսութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ տեսաներիզ մը, գլխաւորաբար անցեալ ամիսներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ամփոփող դրուագներով:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ներսիկ Իսպիրեանի, Յովիկ Գրիգորեանի եւ Յարութ Փամպուքճեանի առանձին եւ խմբական կատարուած երգերով, որոնք մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին ներկաներու մօտ, յատկապէս վերջին երգի՝ «Արիւնոտ Դրօշ»ի միասին կատարումը խոր տպաւորութիւն ստեղծեց, որու ազդեցութեան տակ ներկաները բաժնուեցան սրահէն:
Երեք երգիչներուն երաժշտական ընկերակցութիւնը կատարուեցաւ «քնար» գործիքային նուագախումբի կողմէ՝ Միքայէլ Աւետիսեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ: «Քնար»ի անդամներն են Վարդան Յարութիւնեան (դուդուկ), Սուրէն Մեհրապեան (թառ), Նորիկ Մանուկեան (շուի), Կարինէ Հասասեան (քանոն), Գրիգոր Պօղոսեան (դհոլ), Աշոտ Սարգիսեան (դաշնակ):