ՔԻԵՒ.– Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ, Նոյեմբեր 21ին կայացած մանկական «Եւրոտեսիլ-2009»ին Հայաստանը գրաւեց 2րդ տեղը՝ հաւաքելով 116 նիշ: Նոյնքան նիշ հաւաքած Ռուսաստանը յայտնուեցաւ 3րդ դիրքի վրայ, հաշուի առնելով, որ Հայաստան ստացած էր 12 նիշ աւելի։ Առաջին հանդիսացաւ Հոլանտայի ներկայացուցիչը՝ Ռալֆը «Click-Clack» երգով:
Նշենք, որ ամբողջ քուէարկութեան ընթացքին, Լուարա Հայրապետեան «Պարսելոնա» երգով յայտնուեցաւ առաջատար դիրքերուն վրայ:
Ուքրանիան ներկայացնող հայազգի Անդրանիկ Ալեքսանեան գրաւեց 5րդ դիրքը: