ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս քաղաքի Բնակարանային բաժանմունքը կը տեղեկացնէ, թէ որոշուած է 10 միլիոն տոլար յատկացնել քաղաքին որոշ թաղամասերուն մէջ բնակարան գնելու պատրաստ ցած եւ միջին եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն, այդ թաղամասերուն կայունութիւնը պահպանելու նպատակով: Ծրագրին շնորհիւ, տարեկան 63,450 տոլարէն նուազ եկամուտ ունեցող 4 հոգինոց ընտանիք մը մինչեւ 75,000 տոլարի, իսկ 95,150 տոլարի եկամուտ ունեցող ընտանիք մը մինչեւ 50,000 տոլարի օժանդակութիւն պիտի ստանայ: Ի հարկին, քաղաքապետութիւնը նաեւ պիտի ստանձնէ բնակարանին հիմնական նորոգութեանց ծախսերը (առաւելագոյնը 75,000 տոլար): Դիմում կատարողները չեն կրնար այլ բնակարանի մը սեփականատէրը ըլլալ: Յաւելեալ մանրամասնութեան համար այցելել http://lahd.lacity.org/nsp/PriorityFile.aspx?Type=Brochure համացանցային կայքը կամ հեռաձայնել (213) 808-8800 թիւին: