ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս հանդիպում մը ունեցած է Նեվատա նահանգէն Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի 2010ի ընտրութեանց իր թեկնածութիւնը դրած Տէնի Թարխանեանի հետ:
Տէնի Թարխանեան, որ զաւակն է համալսարանական պասքէթպոլի հռչակաւոր մարզիչ Ճէրի Թարխանեանի, կը փորձէ հանդիսանալ Ծերակոյտի առաջին հայազգի անդամը:
Հանդիպման ընթացքին քննուած են Թարխանեանի նպատակները։ Ան վստահեցուցած է, թէ պատրաստ է մօտէն գործակցելու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ, ամերիկահայութեան ձայնը աւելի լսելի դարձնելու համար ամերիկեան քաղաքական կեանքին մէջ:
«Ժամանակն է, որ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգորդ մը ընդդիմանայ հայութեան վրայ բանեցուող անարդար ճնշումներուն, որուն հետեւանքով Հայաստան կը գտնուի Թուրքիոյ հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները վաւերացնելու պարտադրանքին տակ», ըսած է Թարխանեան, աւելցնելով, թէ յատկապէս «պատմական յանձնաժողով» մը կազմելու հարցը եւ Լեռնային Ղարաբաղի գոյութիւն վտանգող նախապայամները կը մտահոգեն զինք: «Նամակներ գրելու փոխարէն, յստակօրէն պիտի պահանջեմ արտաքին գործոց նախարարէն, թէ ինչո՞ւ Ամերիկա ճնշում կը բանեցնէ զոհին՝ Հայաստանի վրայ, միաժամանակ օժանդակելով նախայարձակ կողմերուն՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին», շեշտած է ան:
Հայ Դատի Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Մարթին կը յայտնէ, թէ քաջալերական կը գտնէ Թարխանեանի հետ հանդիպումին արդիւննքերը:
Թարխանեանի ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր օժանդակելու համար այցելել www.tark2010.org համացանցային կայքը: