ԱՍԹԱՆԱ.- «Կազինֆորմ» կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ տարի ԵԱՀԿի նախագահի պաշտօնը ստանձնելու պատրաստուող Ղազախստանի արտաքին գործոց փոխ-նախագահ Քոնսթանթին Ժիկալով Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20ին յայտարարած է, որ Ղազախստան պատրաստ է հիւրընկալելու Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման նուիրուած բանակցութիւնները:
«Մենք դրական կը համարենք Ռուսաստանի նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի միջնորդական ջանքերը, որոնց շնորհիւ կարելի դարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումները իրականացնել», ըսած է ան, դիտել տալով, որ Ղազախստան իր կարգին մտադիր է աշխոյժ դեր խաղալ այդ ուղղութեամբ։