ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Երկու հարեւաններ կը մրցին իրենց տան կահկարասիներուն նորագոյն տեսակը ապահովելու ճիգով: Տակաւին տարի մը չբոլորած, յանկարծ դուրս կը նետուին նստասենեակին նստարանները եւ անոնց կողքին դրուող փոքր սեղանները, ճաշասեղանն ու անոր աթոռները, եւ նորերը կը բերուին:
Կարեւոր չէ թէ ի՛նչ զոհողութեամբ, կամ ի գին ի՛նչ դժուարութիւններու կ՛ըլլան այդ բոլորը: Կարեւորը այն է, որ աւելի՛ նորը, աւելի՛ լաւը ու աւելի՛ գեղեցիկը պէտք է ըլլան: Յաճախ կը նշմարես, որ տակաւին նոր վարագոյրներ, փայլուն կերպասով կարուած, դեռ արեւու ճառագայթները լրիւ չտեսած, տոկուն եւ գեղեցիկ ծալքերով, յանկարծ վար կ՛առնուին, աւելի թանկարժէքն ու լաւորակը բերելու նպատակով:
Ժողովուրդը կ՛ըսէ՝ եթէ դրամ ունիս, ծախսէ՛ ինչքան որ կ՛ուզես: Բայց երբ չունիս՝ անմտութիւն է վերմակէդ դուրս ոտքդ երկարելը, որովհետեւ անպայման «ցրտահար» պիտի ըլլաս:
Մեր երկրաւոր բնակարաններու կահկարասիներով կը մտահոգուինք, սա բնական երեւոյթ է: Անոնք որոնք չեն մտահոգուիր, կամ այդ ուղղութեամբ մասնաւոր ճիգ մը չեն գործադրեր, ընդհանրապէս թափթփած կը նկատուին ընկերութեան կողմէ: Իսկ անոնք, որոնք քաղաքակրթուած շրջաններու մէջ ապրելով, տակաւին նախնադարեան կահկարասիներ կը գործածեն, ագահ կը նկատուին: Նայեցէք նոյնիսկ գիւղական շրջաններու տուներուն: Մարդիկ իրենց հասկցած ձեւով կը յարդարեն իրենց բնակարանները: Անշուշտ կարելի չէ ակնկալել, որ գիւղական պարզ յարկի մը տակ, Վերսայի պալատին ճաշակով յարդարանք կատարուած ըլլայ: Սակայն անմիջապէս կարելի կ՛ըլլայ զանազանել թափթփած տունը՝ կոկիկ տունէն: Դարձեալ ժողովուրդը կ՛ըսէ՝ ամէն ինչ իր տեղին ու մթնոլորտին մէջ գեղեցիկ է:
Երբեմն ինչքան անհեթեթ է հանրային կարծիքը, ու ինչքան անխնայ կ՛ըլլայ ժուժկալ մարդոց նկատմամբ: Ահա ճի՛շդ այս պատճառաւ կը թելադրուի միշտ քայլ պահել օրուան հետ: Ամէն օր ծագող արեւը նորութիւն ունի բերելիք, եթէ մարդ գիտէ նոր բացուող օրուան հետ վերանորոգ աչքերով նայիլ կեանքին:
Կեանքը գեղեցիկ է՝ երբ անոր գիտենք նայիլ գեղեցիկ աչքերով: Այլապէս ամենէն հաճելի կեանքի տեսակն ալ պիտի երեւի մութ ու տխեղծ: Շատ անգամ մարդիկ իրենք են որ կը դժբախտացնեն իրենց կեանքը, միշտ տխրութեամբ լեցնելով անոր օրերը: Պատահարները անխուսափելի են:
Սակայն, անոնցմէ բացի մարդիկ յաճախ յուսահատական պահերու մէջ իյնալով, իրենց կեանքը դժոխքի կը վերածեն: Այդ ալ չէր բաւեր, կը սկսին իրենց ապրած դժոխքէն բացի, հետաքրքրուիլ այն դժոխքով, որուն սարսափով աւելի կը դժբախտացնեն իրենց կեանքը: Թէ՝ ինչպիսին պիտի ըլլայ դժոխքը, կրակին բոցը ինչքան բարձրութիւն պիտի ունենայ, կամ՝ ջերմաստիճանը ինչքան պիտի ըլլայ այնտեղ՝ հալոցին մէջ, եւ այսպիսի մտահոգութիւններ, որոնք ամէնքն ալ կապ ունին դժոխքի «կահկարասիներուն» հետ, ներքին դրուածքին ու կառոյցին հետ:
Ներկայ ընկերութեան կեանքը վերլուծելով, որոշ ծանօթութիւններ կրնանք ունենալ այն դժոխքին մասին, որ տառապանքի բոցակէզ հովիտը պիտի ըլլայ չարերուն ու ամբարիշտներուն:
Յատկապէս ծայրայեղ բարեպաշտներ, մարդոց ներկայ կեանքը դիտելով կ՛ըսեն թէ աշխարհի վախճանը հասած է, թէ՝ Քրիստոսի գալուստը մօտալուտ է: Անշուշտ ամէնքս ալ գիտենք, թէ «ոչ ոք գիտէ օրը կամ ժամը»: Բայց անբարոյութեան, սուտին, կաշառակերութեան, ամբարշտութեան ու ասոնց ամէն տեսակներուն շատութիւնը մեզի մտածել կու տայ, թէ արդեօ՞ք դժոխքը զովացուած սրահ մըն է, ուր կը ձգտին երթալ նման կեանքով ապրող մարդիկ: Որովհետեւ մարդ էակը գիտակից է, եւ կ՛անդրադառնայ իր ըրածին: Ուստի, կարելի՞ է որ այսքան թիւով մարդիկ գիտակցաբար ընտրած ըլլան մեղքի ու կորուստի ճամբան:
Երկրորդ մտահոգութիւնը այն է, որ չարերու ու մեղաւորներու այսքան թիւին դիմաց, արդեօ՞ք տեղի հարց պիտի չստեղծուի դժոխքի հրաշէկ փողոցներուն մէջ: Խճողումն ու իրարանցումը, որ այս աշխարհին մէջ այլեւս տանելի չեն, չարերու տանջանքին մա՞ս պիտի կազմեն արդեօք:
Դրախտի ու դժոխքի աւանդական խորհրդապատկեր մը գոյութիւն ունի, որուն մէջ իրարու հակադրուած են բացատրուած երկու վայրերը: Մէկ կողմը, դրախտի պարագային, յաւիտենական փառքը ցոյց կը տրուի՝ Քրիստոս իր գահին վրայ բազմած, հրեշտակներու փառաբանութիւնը կ՛ընդունի։ Միւս կողմը, յաւիտենական կրակին մէջ սատանաներ կը վխտան գերանդիներով, եւ մեղաւորները մէկ առ մէկ կրակին մէջ կը նետեն: Հետաքրքրական է, որ դէպի դժոխք տանող ճամբան այնքան գեղեցիկ ու փայլուն ներկայացուած է: Բախտախաղի սրահներ, հաճոյալից վայրեր, երջանկութեան շողշողուն վերնագիրներ եւ այլ շլացուցիչ առաջարկութիւններ նկարուած կան այնտեղ:
Այս ամէնը դժոխքին կահկարասիներն են: Դժոխքի պատերը մեր մոլութիւններով զարդարուած պիտի ըլլան: Այնպէս ինչպէս դրախտի պարագային մեր առաքինութիւններով գանձեր կը դիզենք այնտեղ, նոյնպէս ալ մեր մոլութիւններով դժոխքին պատերը կը զարդարենք, սենեակները կը յարդարենք, կահկարասիներ կ՛ապահովենք: Այնտեղ փայտեայ, երկաթեայ կամ այլ մետաղներով ու նիւթերով պատրաստուած կահկարասիներ չկան: Ո՞ր մէկ նիւթը կրնայ դիմանալ այդ անմարելի կրակի ուժգնութեան ու հրավառ բոցալեզուներուն: Նոյնիսկ շատ ինքնավստահ մարդիկ եթէ ուզեն իրենց ոսկեայ կահկարասիները իրենց հետ դժոխք փոխադրել օր մը, անոնք ամենէն աւելի դիւրաւ պիտի հալին, հոսին ու երթան, չոր գետնի վրայ ձգելով իրենց տէրերը:
Աշխարհի ամենէն հարուստ արքան, իր մահուան ատեն փափաքեցաւ որ դագաղէն դուրս ձգեն իր բաց ափերը, որպէսզի իր ժողովուրդը ու ամբողջ աշխարհը տեսնէ, թէ ինք դատարկ ձեռքերով մեկնեցաւ այս աշխարհէն: Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց, ըսաւ աշխարհի իմաստուններէն մին, կեանքի ամբողջ փորձառութիւնը կտակելով մարդկութեան:
Դժոխքի կահկարասիներ պատրաստող անհամար վարպետներով լեցուն է այս աշխարհը, որոնք օրն ի բուն կ՛աշխատին նորաձեւութեան համապատասխան աթոռներ ու սեղաններ պատրաստել: Բայց ինչքան քիչ է թիւը երկինքի հաշուապահներուն, որոնք իրենց առաքինութիւններով, երկինքի դրամատան իրենց հաշուեցուցակներուն մէջ գումարներ ի պահ կը դնեն:
Ահաւասիկ աշխատաւորական երկու խումբեր, որոնք անխոնջ կերպով կը տքնին օրն ի բուն: Դուն ո՞ր մէկ հանրակառքով գործի կ՛երթաս: