ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Փոլ Գրիգորեանի եւ Քրիսթին Էսըլի միջեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանէն նուազ քան երեք շաբաթ առաջ, «Ասպարէզ» բացայայտած է, թէ յօգուտ Ատրպէյճանի լոպպիական աշխատանք տանող հիմնարկ մը աշխոյժ դրամահաւաք կը կատարէ ի նպաստ Էսըլի:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան յանձնուած փաստաթուղթերու, «Թուլ շէտ» լոպպիական խմբակի գլխաւոր սեփականատէրերէն Ճէյսըն Քէց 35,000 տոլար ստացած է Ատրպէյճանի կառավարութեան ի նպաստ լոպպիական աշխատանք տանելու նպատակով: Նոյեմբեր 13 թուակիր նամակներու մէջ, ան կոչ կ՛ընէ նիւթապէս նեցուկ կանգնելու Էսըլին, վստահեցնելով, թէ ան գործարար շրջանակներու համար շատ աւելի նպաստաւոր թեկնածու մը պիտի ըլլայ, միաժամանակ՝ ցեխարձակումներ կատարելով Գրիգորեանի հասցէին:
Յիշեցնենք, թէ Քէց նաեւ այն անձն էր, որ անցեալ Փետրուարին փորձած էր Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին մէջ ներկայացնել «Խոճալուի զոհերուն յիշատակի» բանաձեւ մը, որ միայն մէկ երեսփոխանի կողմէ ստորագրուեցաւ, շնորհիւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Գրիոգորեանի ջանքերուն:
Անցեալ Հոկտեմբերին, Քէց նաեւ յօդուածով մը կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, որ «յարձակողապաշտ» քաղաքականութիւն վարող Հայաստանի փոխարէն, իր կապերը սերտացնէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ:
Յիշեցնենք, թէ Էսըլ անցեալ ամիս իրեն նեցուկ կանգնելու կոչ ուղղեց հայկական համայնքին, վստահեցնելով որ նեցուկ պիտի կանգնի Հայկական Ցեղասպաութեան ճանաչման աշխատանքներուն:
Իր ընտրապայքարի պատասխանատուները նաեւ պնդեցին, թէ Հոկտեմբեր 17ին, թուրք միլիոնատէրի մը Պէվըրլի Հիլզի բնակարանին մէջ թուրք կամ ատրպէյճանցի ամերիկացիներու հետ իր հանդիպումը պարզապէս ծանօթացման հանդիպում մըն էր եւ այդ ընթացքին իր ընտրապայքարին համար դրամահաւաք տեղի չէ ունեցած:
Սակայն, Էսըլի ընտրապայքարին նիւթապէս օժանդակողներուն ցանկին մէջ կան թուրք եւ ատրպէյճանցի նուիրատուներ: Նոյեմբերի սկիզբը, հայկական համայնքին ներկայացուցիչները Էսըլի հետ հանդիպում մը ունեցան, անկէ պահանջելով, որ վերադարձնէ այդպիսի նուիրատուութիւնները: