Հասարակական կազմակերպութիւնները պարտաւոր են իրենց նիւթաբարոյական աշխատանքներու մասին հաշուետուութիւն ներկայացնել նախ իրենց անդամներուն, ապա նաեւ լայն հանրութեան:
Ժողովրդային նեցուկին վստահած, իրենց գործունէութեան միջոցներուն մէկ կարեւոր մասը հանգանակութիւններով ու նուիրատուութիւններով գոյացնող կազմակերպութիւնները իրե՛նք իսկ պէտք է շահագրգռռւած ըլլան իրենց հաշուետուութիւնը լայնագոյն շրջանակի մը հասցնելու գաղափարով, որպէսզի ամրապնդեն իրենց հանդէպ վստահութիւնն ու հաւատքը:
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը պատասխանատուութեան այդպիսի գիտակցումով է, որ ահա այս տարի եւս «Ասպարէզ»ի էջերով հանրութեան կը ներկայացնէ իր անցեալ տարուան նիւթաբարոյական գործունէութեան հաշուետուութինը (տես էջ 13):
Նման հաշուետուութիւնը կ՛երաշխաւորէ կազմակերպութեան թափանցիկութիւնը յաչս ժողովուրդին, որ անպայման կ՛ունենայ իր բարերար ազդեցութիւնը բարեգործական այս մեծ կազմակերպութեան աշխատանքներու ծիրի առաւել ընդարձակման ճիգերուն վրայ:
Կը գնահատենք ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան այս գործելակերպը: