ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ տարիներէ ի վեր հաստատուած աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ «Աղօթքի Մրցում» մը, նորեկ դպրեվանեցիներու մէջ արթնցնելու համար աղօթքի սէրը, ոգին եւ ապրումը:
Միքայէլ կիս. սրկ. Սարգիսեան բացման խօսքը կատարեց եւ հակիրճ ձեւով բացատրեց, թէ ի՞նչ կը նշանակէ «մրցիլ», յատկապէս աղօթքի պարագային, խօսեցաւ «Աղօթք» եւ «Աղօթել» հասկացութեանց մասին, ապա ամփոփ խորհրդածութիւն մը կատարելով, իր մտածումները հիմնաւորեց Աւետարանի մէջ Յիսուսի տուած բազմաթիւ օրինակներով եւ յատկապէս Աստուածորդիին կողմէ տրուած բացատրութիւններով:
Ապա, դատակազմի անդամներ նշանակուեցան Գէորգ սրկ. Արապեան (Դ. Ընծ.), Կիրակոս սրկ. Թովմասեան (Գ. Ընծ.) եւ Վրէժ կիս. սրկ. Կրպոյեան (Բ. Ընծ.), որոնք վարեցին մրցումը։ Նորեկ դպրեվանեցիները յաջորդաբար բեմ բարձրացան եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին։ Աւարտին, դատակազմի անդամները ճշդեցին երեք լաւագոյն մասնակիցները։ Իբրեւ գեղարուեստական յայտագիր, չորրորդ ժառանգաւորացի սաներէն՝ Ստեփանեան Յովհաննէս եւ երրորդ ժառանգաւորացի սաներէն՝ Քէհէյեան Յարութիւն, փոխն ի փոխ Հայ եւ Ընդհանրական եկեղեցւոյ հայրերէն կարդացին մտածումներ աղօթքի մասին։
Առաջին հանդիսացաւ Առաքելեան Խաչիկ, երկրորդ՝ Չորպաճեան Յարութիւն Եւ երրորդ՝ Գոզանեան Մանուկ եւ Սէլլումեան Ժանօ։
Դպրեվանքի Տեսուչ Շահէ եպս. Փանոսեան եզրափակեց երեկոն, իր գնահատանքը յայտնելով բոլոր մասնակիցներուն: Ան շնորհաւորեց մրցանակակիրները եւ թելադրեց որ աղօթանուէր կեանքի ամէն յարմարութիւն ունեցող դպրեվանքի յարկը դառնայ իրենց խոկումի վայրը, առօրեայ եկեղեցական արարողութիւններով ու ընդհանրապէս աղօթքի մթնոլորտով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.