ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Հայաստանի գլխաւոր ճարտարապետ Նարեկ Սարգսեանի, ամբողջութեամբ աւարտած են աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի անուան տուն-թանգարանի կառուցման աշխատանքները եւ այժմ ընթացքի մէջ են զայն ցուցանմոյշներով ամբողջացնելու աշխատանքները: Ն. Սարգսեանի հաւաստումով, տուն-թանգարանին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը կը նախատեսուի կատարել յաջորդ տարուան առաջին կիսամեակին:
Յիշեցնենք, որ այս տարուան Մայիս 22ին՝ Շ. Ազնաւուրի ծննդեան 85րդ տարեդարձին, աշխարհահռչակ երգիչը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ այցելած էր տուն-թանգարան եւ ծանօթացած՝ կատարուող աշխատանքներուն: