ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Նոյեմբեր 16ին, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է շարք մը հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն ու Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին Արա Յարութիւնեան ներկայացուցած է հանրապետութեան հասարակական-տնտեսական իրավիճակը, իրականացուող ծրագրերը եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ ընթացքն ու հեռանկարները:
ԼՂՀ կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններուն շարունակական զարգացումը, որուն մէջ իր մեծ դերը ունի հայ եկեղեցին:
Հանդիպումներու ընթացքին ընդգծուած է Շուշի քաղաքի նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին եւ պետականութեան համար:
Նոյն օրը վարչապետը այցելած է նաեւ ՄԱԿի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութիւն եւ հանդիպած՝ ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեանի, անոր հետ քննարկելով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանային եւ համաշխարհային քաղաքական զարգացումներուն հետ կապուած հարցեր:
ԼՂՀ վարչապետը ընդգծած է, որ հանրապետութեան մէջ մեծ նշանակութիւն կու տան միջազգային տարբեր ատեաններուն, մասնաւորապէս ՄԱԿի մէջ, արցախեան հիմնախնդրին անկողմնակալ եւ ճշմարտացի ներկայացման։
Նոյեմբեր 17ին, վարչապետ Արա Յարութիւնեանը հանդիպած է Հայ ոսկերիչներու միութեան խումբ մը անդամներու հետ: Ան կարեւոր նկատած է նման միութիւններուն դերը նշելով, որ անոնց արդիւնաւէտ գործունէութիւնը կը հանդիսանայ հայկական համաշխարհային առեւտուրի ներուժի համախմբման եւ հայրենիքի հետ գործնական ու փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման անհրաժեշտ պայմաններէն մէկը:
ԱՄՆի մէջ ԼՂՀ վարչապետին հետ հանդիպումներուն մասնակցած են նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան, ԱՄՆի մէջ գործող ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.