ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- Արցախի գիւղատնտեսութեան ոլորտի պատասխանատուները Նոյեմբեր 13ին ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանին մօտ իրականացուցած են գիւղատնտեսական շարք մը հարցերու վերաբերեալ քննարկումներ:
Քննարկումներուն մասնակից գիւղատնտեսութեան նախարար Արմօ Ծատուրեան զեկուցած է, որ հանրապետութեան հացահատիկի եւ եգիպտացորենի բերքը այս տարի կազմած է 80870 թոն:
Վարչապետ Արա Յարութիւնեանը դժգոհութիւն յայտնած է եգիպտացորենի ցած բերքատուութեան համար, եւ ընդհանրապէս եգիպտացորենի ցանքի ծրագիրը որակած է ձախող։ Ան անհրաժեշտ համարած է, որ պետական տեղական մարմինները օժանդակեն հողամշակներուն, կազմակերպելու իրենց աշխատանքները:
Քննարկման ընթացքին անդրադարձած է նաեւ դաշտային վնասատուներուն դէմ պայքարին: Վարչապետը յանձնարարած է թունանիւթերով պայքարիլ գնայուկ բզէզի տարածման եւ մկնանման կրծողներուն դէմ։ Քննարկուած են նաեւ պարարտանիւթերու եւ եգիպտացորենի որակեալ սերմի ապահովուածութեան հարցեր։ Վարչապետը հաւաստիացուցած է, որ 2010ին գիւղացիները պիտի ապահովուին անհրաժեշտ չափի պարարտանիւթերով՝ աշխատանքները ժամանակին եւ աւելի արդիւնաւէտ կազմակերպելու համար: