ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի Հելսինկեան կոմիտէն հրապարակած է «խաղաղ հաւաքների ազատութեան» խորագրով զեկոյցը, որ կ՛ընդգրկէ 2008 Սեպտեմբեր 26–2009-Յունիս 30 ժամանակահատուածը եւ որուն ընթացքին՝ երկու փուլով՝ դիտարկուած է աւելի քան 100 տարբեր բնոյթ ունեցող հաւաք:
Առաջին փուլով դիտարկուած 88 հաւաքներէն 34ի պարագային ոստիկանութեան կողմէ եղած է էական միջամտութիւն, որ դրեւսորուած է երթի իրականացումը խոչընդոտելով, մասնակիցներուն տուեալ վայրէն հեռացնելով, 6ի պարագային ոստիկանները ուժ կիրառած են մասնակիցներուն հանդէպ՝ որ եղած է ծեծկռտուքի, կոպիտ քաշքշուկի եւ ոստիկանութեան կողմէ բերման ենթարկելու ձեւերով:
Երկրորդ փուլով՝ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն նախորդած եւ յաջորդած շրջանին, դիտարկուած է 22 հաւաք, որոնց գերակշիռ մասը նոյնպէս եղած է քաղաքական բնոյթի: Անոնց 8ի պարագային ոստիկանութեան կողմէ եղած է էական միջամտութիւն, 4ի պարագային՝ արձանագրուած է ուժի կիրառում։
«Մենք միակողմանի ենք խօսում, հետեւաբար համագործակցութիւն չի ստացւում: Ոստիկանութեան եւ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները պէտք է չխուսափեն բանավէճերից ու սուր քննադատութիւնից, պէտք է փորձեն իրենց փաստարկները բերել», յայտնած է Հայաստանի Հելսինկեան կոմիտէի նախագահ Աւետիք Իշխանեան:
«Այս մոնիթորինկը դեռեւս ամբողջութեամբ չի արտացոլում բռնութեան այն բոլոր դէպքերը, որին մենք ականատես ենք եղել ոչ միայն որպէս դիտորդ, այլ որպէս քաղաքացի», ըսած է «Transparency International» հակակաշառակերութեան կեդրոնի տնօրէն Ամալեա Կոստանեանը՝ Հայաստանի մէջ «խաղաղ հաւաքների ազատութեան» վիճակը որակելով «տխուր»:
«Շատ տխուր է, որ իշխանութիւնները այնքան թոյլ են, որ վախենում են մարդկանց բողոքից կամ ընդհանրապէս այլակարծութիւնից», ըսած է ան:
«Այն, որ զեկոյցի եւ այսօրուայ քննարկման հիմնական թիրախը ՀՀ ոստիկանութիւնն է, բնական է», յայտնած է Ոստիկանութեան հասարակական կարգի ապահովման վարչութեան պետի տեղակալ Կարէն Մեհրաբեան՝ ընգծելով, թէ «Հարկադրաբար հանրահաւաքը դադարեցնելու իրաւունքը ամրագրուած է օրէնքով»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.