ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ ՀՀ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութեան ընտանիքի, կանանց եւ երախաներու հիմնահարցերու վարչութեան՝ երախաներու հիմնահարցերու բաժնի գլխաւոր մասնագէտ Էդուարդ Իսրայէլեանի՝ Հանրապետութեան որբանոցներէ շուրջ 250 շրջանաւարտ բնակարանի կարիք ունի: Նոյն տեղեկութիւններուն համաձայն, համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամին պատճառով վերջերս որբանոցներու շրջանաւարտներուն բնակարան տրամադրելու գործընթացը դադրած է։ Սակայն, հակառակ ատոր, որբանոցներու շրջանաւարտներուն կ՛աջակցին շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ եւ որբանոցներուն կից գործող կեդրոններ:
«Հասարակական կազմակերպութիւնները շրջանաւարտների մի մասին ինչ-որ տեղ ժամանակաւոր տեղաւորում են, մի մասն էլ իրենց ծանօթների կամ ընկերների մօտ է բնակւում, սակայն հասկանում ենք, որ դա հարցի լուծում չէ: Բնակարանի տրամադրման գործընթացը դադարեցուել է, բայց նրանք անուշադրութեան չեն մատնուած, նախարարութիւնը շարունակում է այլ հարցերում նրանց աջակցել», ըսած է. Իսրայէլեան:
Նախարարութիւնը, «Հայ օգնութեան միութեան» հետ համատեղ՝ որբանոցներու խնամակալական կազմակերպութիւններու շրջանաւարտներուն կ՛աջակցի մասնագիտական կողմնորոշման, ուսուցման, վերապատրաստման, հիմնական կարիքները բաւարարող եկամուտով ապահովման, դրամական, բժշկական օգնութեան տրամադրման, կրթաթոշակի յատկացման եւ այլ հարցերու մէջ:
Նշենք, որ հանրապետութեան մէջ բնակարանի կարիք ունի նաեւ առանց ծնողական խնամքի մնացած 81 փոքրիկ: Ընդհանուր առմամբ, նախորդ տարիներուն բնակարան տրամադրուած է մանկատուներու 149 շրջանաւարտի եւ առանց ծնողական խնամքի մնացած 6 փոքրիկի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.