«ԱԶԴԱԿ»
Ցիւրիխի ստորագրութիւններէն ետք Հայաստանի առաջին նախագահի ելոյթը Հայ ազգային կոնգրեսի ակտիւին, գրաւեց հայկական լրատուադաշտին ուշադրութիւնը։ Տեղին մեկնաբանութիւնը, իշխանութիւններուն ուղղուած համագործակցութեան կոչ է՝ մեկնած Տէր Պետրոսեանի գլխաւորած ընդդիմութեան ջլատուած իրավիճակէն։
Այս հաստատումին հակատեսակէտ զարգացնելը դժուար է։ Իրականութեան համապատասխանող հաստատում է, որ կը կառչի նաեւ առաջին նախագահին արտասանած խօսքին բովանդակութեան վրայ։
Տէր Պետրոսեանը իր քննադատութիւնները կը կեդրոնացնէ Դաշնակցութեան վրայ։ Այս մէկը առաջին երեւոյթն է, ոչ թէ հայ-թուրք յարաբերութիւններու զարգացումէն ի վեր, այլ ընդհանրապէս Լեւոն Տէր Պետրոսեանի քաղաքական կեանք վերադարձէն ետք։ Ակնարկութիւններ, սլաքներ, անուղղակի քննադատութիւններ երեւցած էին մինչ այդ, սակայն ոչ այս տեսքով՝ ուղղակի, առանցքային տարազով։
Առաջին նախագահը նորութիւն չի հրամցներ այս առումով։ Այն ինչ որ ինք չէր ըսեր եւ ըսել կու տար իր օգնականներուն, իր կողմէ հովանաւորուած մամուլի ներկայացուցիչներուն միջոցով, հիմա ուղղակի կ՛ըսէ։ Կ՛ամբաստանէ Դաշնակցութիւնը քաղաքական անգրագիտութեամբ, կեղծ ընդդիմադրութեամբ, նախագահի հեղինակութիւնը բարձրացնելու եւ հայ-թուրք յարաբերութիւնները վիժեցնել փորձելու յանցանքներով՝ նշելու համար ամէնէն հիմնականները։
Սիւնակը նեղ է բոլոր կէտերուն անդրադառնալու։ Կեդրոնանանք կարգ մը մտածումներու եւ հաստատումներու վրայ։ Ըստ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի՝
ա.- Հայ դատը, կամ այլ կերպ՝ պահանջատիրութիւնը, պետականազուրկ ազգին վայել դաւանանք է:
բ.- Պատմական իրաւունք տերմինը (եզրը) պատկանում է պրոպագանդայի (քարոզչութեան) ոլորտին, իսկ պրոպագանդան, որքան էլ կարեւոր, չի կարող ու պէտք չէ փոխարինի քաղաքականութեանը:
գ.- Ծանր բարոյա-հոգեբանական հարուած է հասցուելու սփիւռքին, որի ինքնութիւնը, սուբիեկտիւ (ենթակայական) ցանկութիւններից անկախ, ողբերգական հանգամանքների բերմամբ, խարսխուած է Ցեղասպանութեան վրայ, թէեւ ես կը նախընտրէի, որ այն խարսխուած լինէր Հայոց պետականութեան հզօրացման գաղափարի եւ համամարդկային արժէքների վրայ:
դ.- «Ոչ մի թիզ հող», «ոչ մի զիջում» կամ «ոչ մի հաշտեցում» կարգախօսները, որքան էլ յստակ թուացող, ինձ համար քաղաքական դիրքորոշում չեն եւ յղի են մեր ժողովրդին ազգային աղէտի առջեւ կանգնեցնելու վտանգով:
ե.- Սարգսեանը ազգայնական հիսթերիայի (ջղագարութեան) շնորհիւ միջազգային ասպարէզում անսահմանօրէն ուժեղացրեց իր դիրքերը, աշխարհին ներկայանալով որպէս 21րդ դարին արժանի իրատես ու վճռական պետական գործիչ։
զ.- Միջազգային հանրութիւնը, սակայն, Սերժ Սարգսեանի թուլութիւնից օգտուելու պահը չկորցնելու համար, Ղարաբաղի հարցում աւելի եւս մեծացնելու է ճնշումները Հայաստանի վրայ։
Լափալիսեան ճշմարտութիւն է, որ պետութիւնը հասարակական կազմակերպութիւններու որդեգրած աշխատանքային փլաթֆորմներով, յայտարարողական միեւնոյն հնչեղութիւններով չի գործեր. նոյնիսկ յստակ տարբերութիւններ կ՛երեւին հասարակական-քաղաքական գործիչներու եւ պետական այրերու գործածած բառապաշարներուն միջեւ։ Այստեղ ի՞նչն է արտառոցը, որ քաղաքագիտական հեծանիւ կը հնարէ երկրի առաջին ղեկավարը նոր տեսութիւն յառաջ քշելով՝ «պահանջատիրութիւնը պետականազուրկ ազգին վայել դաւանանք է։ Հիմա, որ պետութիւն ունինք, մոռնանք պահանջատիրութիւնը», կ՛ըսէ Տէր Պետրոսեան։
Կը շարունակուի տրամաբանութիւնը։ Մեր պատմական իրաւունքները քարոզչական սպառումի թեմաներ են պարզապէս։ Մեր պատմական իրաւունքներուն մասին խօսիլը, այդ ուղղութեամբ քաղաքականութիւն մշակելն ու կիրարկելը, ՄԱԿի ամպիոններէն Նախիջեւանի կոտորածին մասին բարձրաձայնելը կամ ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման մասին խօսիլը զուտ քարոզչական արտադրատեսակներ են կոնգրեսական գաղափարախօսութեան համար։
Վտանգաւոր միտումը Ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջը կը հակադրէ պետականութեան կայացման գաղափարին։ Այս մէկը ուղղակի Հայաստան-սփիւռք պառակտում յառաջացնող քայլ է, բանաձեւուած Տէր Պետրոսեանի նախընտրութեամբ։
Հողային որեւէ զիջում չկատարելու կարգախօսը, մանաւանդ ղարաբաղեան բանակցութիւններու նախօրեակին, վտանգաւոր անդունդի կ՛առաջնորդէ հայութիւնը, ըստ ընդդիմադիր ղեկավարին։ Պետութիւնը չէ՛ այս կարգախօսերը բարձրաձայնողը։ Իսկ ժողովրդային մակարդակով կարիք չի զգացուիր իրաւունքներէն բացարձակ չզիջելու վճռակամութեան դրսեւորման, ինչ որ հիսթերիայով կը բացատրուի միեւնոյն մտածողութեան համար։ Պատմական իրաւունքներէն զիջում չկատարելու ժողովրդային վճռակամութիւնը պարզապէս հիսթերիա կը նկատուի սեւով ճերմակի վրայ։
Վերջին երկու կէտերուն միջեւ ինքնահակասական տրամաբանութիւն կայ։ Նախագահ Սարգսեան բողոքի գործողութիւններով անսահմանօրէն ուժեղացուցած է իր հեղինակութիւնը միջազգային ասպարէզին մէջ։ Նոյն անսահման հզօրացած Սարգսեանն է, որ իբրեւ թոյլ եւ օրինականութեան խնդիր ունեցող նախագահ տեղի պիտի տայ միեւնոյն միջազգային շրջանակներուն ճնշումներուն։
Միայն հոս չէ սակայն Տէր Պետրոսեանի ինքնահակասութիւնը։ Ելոյթը կ՛աւարտի նախագահ Սարգսեանին հետ համագործակցութեան առաջարկով։ Նախագահ Սարգսեան պէտք է ընդդիմադիրներուն հետ երկրի ժողովրդավարացման հարցերը լուծէ՝ չենթարկուելու համար գերպետութիւններու ճնշումներուն։ Չի նշուիր նախագահի հրաժարականի պահանջ։ Մնանք կոնգրեսականներու տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ։ Ինքզինք ընդդիմադիր համարող շարժումը եթէ չի պահանջեր նախագահի հրաժարականը, կեղծ ընդդիմութիւն է։ Հիմա Կոնգրեսն ու անոր գլխաւորը ամիսներէ ի վեր իրենց իսկ կատարած յայտարարութիւններուն հիման վրայ ընդդիմութեան ո՞ր տեսակին կը պատկանին։
Քաղաքագիտական դասեր տալէ առաջ, Տէր Պետրոսեան պէտք է պատասխանէ այս պարզ հարցումին։
Այս էլ իմ պատասխանն է “Տեառն” Պետոյի պարզ հարցումներուն –
«Աւանակների զռոցին պիտո չէ ականջ դնել»
Վայ՜ դու Լեւոն չլինէիր, ինչ՞ու ես խաբում ժողովուրդին։