ԱՐՑԱԽ, «Փանորամա».- «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան տուած տեղեկութիւններով՝ Արցախ այցելած թուրք լրագրողը յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը հանդիսանայ բացառապէս հայկական տարածք։
«Մենք Թուրքիոյ մէջ սխալած ենք, Ղարաբաղը հարիւր տոկոսով հայկական տարածք է, եւ մենք հասկցած ենք, որ հայերը վճռականօրէն պիտի չզիջին իրենց տարածքները», յայտնած է «Աքշամ» թերթի լրագրող Նագեխան Ալչէ։ Վերջինս նշած է, որ ինք՝ իր թերթի գլխաւոր խմբագիրէն խնդրած է, որ զինք գործուղղեն Արցախ, որպէսզի ամէն ինչ գնահատէ սեփական աչքերով:
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակը կը հետաքրքրէ նաեւ Թուրքիան: Ինչ որ ես տեսայ Ղարաբաղի մէջ, անիկա ինծի համար լոյս սփռեց Ղարաբաղի անցեալին եւ ապագային վերաբերեալ: Ես այս եզրահանգման եկայ շփուելով հասարակ քաղաքացիներու, եւ հանդիպումներ ունենալով շարք մը պաշտօնատար անձերու հետ: Ստեփանակերտը մեր վրայ մեծ տպաւորութիւն ձգած է եւ մենք մտադիր ենք կրկին վերադառնալ այնտեղ», յայտարարած է Ալչէ:
Խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին, լրագրողը նշած է, որ իրենց կառավարութեան ներկայացուցիչները կը նշեն, թէ սահմանը պիտի բացուի միայն ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորումէն ետք: «Կ՛ապրինք, կը տեսնենք», ըսած է ան:
Ան յոյս յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանները մօտիկ ապագային կը բացուին, սակայն ընդունեց, թէ Արցախի տագնապը կրնայ այդ նպատակին դէմ լուրջ խոչընդոտ մը ըլլալ: