Երեքշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2009ի առաւօտեան ժամը 10ին, պաշտօնական այցելութեամբ Ֆերահեան Ազգային Վարժարան ժամանեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին նախագահը՝ Արկադի Ղուկասեան, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լոս Անճելըսի նախագահ պրն. Արա Ակիշեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Մարտիկ Կապուտեան եւ «Հայաստան» Հիմնադրամի պատասխանատու պաշտօնատարներէն Սարգիս Քոթանճեան։
Ղուկասեան Լոս ԱնՃելըս կը գտնուի մասնակցելու Նոյեմբեր 26-ին տեղի ունենալիք, «Հայաստան» Հիմնադրամի Թելեթոնի նախապատրաստական աշխատանքներուն, տրուած ըլլալով որ ան «Հիմնադրամ»ի փոխ նախագահն է։ Ծանօթ է, որ Թելեթոնը այս տարի յատկացուած է Շուշի քաղաքի վերաշինութեան ծրագիրներուն։
Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ Դպրոցի Տնօրէնութեան, Դպրոցի Տնտեսական Յանձնախումբի, Շրջանի Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» Կոմիտէութեան, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ, ապա հիւր եւ հիւրընկալ միասնաբար ուղղուեցան «Աւետիսեան» սրահ, հանդիպում ունենալու վարժարանի աշակերտութեան հետ։
Շքախումբը յոտնկայս ընդունուեցաւ դպրոցի աշակերտութեան կողմէ, որ պատրաստած էր կոկիկ յայտագիր մը, կատարողութեամբ երկրորդականի աշակերտներուն։
Հանդիսավար Հայկ Կարապետեան իր բացման խօսքէն ետք հրաւիրեց Աշակերտական Խորհուրդի նախագահ Քայլ Խանտիքեանը՝ ուղղելու իր ողջոյնի խօսքը։ 12րդ կարգէն Լիլի Ժամկոչեան արտասանեց Արցախի Քայլերգը, իսկ Զարուհի Աբրահամեան արտասանեց Աշոտ Գրիշայի «Ճամբաները Արցախի»ն։ 11րդ կարգէն Քարէն Ճանեցեան մեներգեց «Կարմիր Կակաչներ»ը, որմէ ետք, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Արա Ակիշեանը, որպէսզի բացատրէ այս տարուան թելեթոնին կարեւորութիւնը։ Ակիշեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն, անցեալին իրենց բերած նիւթաբարոյական աջակցութեան համար, ապա բացատրեց անցեալ տարիներուն թելեթոնի իրագործած աշխատանքները եւ այս տարուան համար նպատակ ճշդուած՝ Շուշիի վերաշինութեան ծրագիրները։ Ան նաեւ աշակերտներուն ցուցադրեց թելեթոնին համար պատրաստուած յատուկ տեսաներիզը։
Ակիշեանի խօսքէն ետք, Ֆերահեան Ազգային Վարժարանի փոխ-տնօրէն Վարդգէս Նալպանտեան ներկայացուց Արկադի Ղուկասեանը, որ Արցախեան Շարժումի ընթացքին եղած էր ազատամարտիկ եւ ապա ընտրուած Արցախի նախագահ։ Ապա ան անդրադարձաւ վերջին շրջանին ամբողջ հայութիւնը յուզող հարցին՝ հայ-թրքական փրոթոգոլին եւ սփիռքահայութեան վրայ անոր ձգած ազդեցութեան, այն հայերուն, որ աւելի քան 90 տարի իրենց ուսերուն վրայ տարին ոչ միայն հայապահպանումի աշխատանքը, այլ նաեւ պաշտպանեցին իրաւազրկուած հայութեան դատը եւ պահանջեցին ու կը շարունակեն պահանջել իրենց արդար իրաւունքը. սակայն այսօր, անոնք ականատես եւ ականջալուր կ՛ըլլան հայրենի կառավարութեան այն քաղաքականութեան, որով տարիներու ընթացքին, այնքան զոհողութեամբ ձեռք բեռուածը, դժբախտաբար զիջումի ենթակայ կ՛ըլլայ առանց արդիւնքի։ Նալպանտեան նշեց, որ Ֆերահեան Ազգային Վարժարանի Երկրորդականի աշակերտները մասնակցութիւն բերին Սեպտեմբեր 27ի բողոքի հաւաքին, կազմակերպուած շրջանիս հայկական երեք կուսակցութիւններուն կողմէ, Հոկտեմբեր 4ի բողոքի ցոյցին, նմանապէս կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ շրջանիս երեք հայկական կուսակցութիւններուն, Հոկտեմբեր 5ի նստացոյցին՝ Մոնթեպելլոյի Յուշարձանին մօտ, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Հ.Ե.Դ.ին եւ, վերջապէս, Հայաստանի Հիւպատոսարանին առջեւ Հ.Յ.Դ. Հ.Ե.Դ.ի կազմակեպած հացադուլին, որ տեւած էր Հոկտեմբեր 6-9։ Նալպանտեան ապա հրաւիրեց Ղուկասեանը, որ խօսի հայ-թրքական փրոթոգոլի ծալքերուն մասին, որովհետեւ ան քաջածանօթ է անոնց, մանաւանդ, որ մէկ ամիս առաջ մաս կազմած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգիսեանի պատուիրակութեան, որ ինչպէս գիտենք, իր դէմ գտած էր սփիւռքահայութեան խիստ քննադատութիւնն ու բողոքի ալիքը։
Ղուկասեան նախ անդրադարձաւ Շուշի քաղաքի պատմական արժէքին, եւ շեշտեց անոր կարեւորութիւնը՝ անցեալին եւ այսօր, հետեւաբար նաեւ կոչ ուղղեց բոլորին, որ անպայման իրենց մասնակցութիւնը բերեն անոր վերելքին, անկախ յատկացուելիք գումարէն, որովհետեւ այսօր «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը կը մնայ միակ կազմակերպութիւնը, որ կը վայելէ ամբողջ հայութեան աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը, մանաւանդ հայ-թրքական փրոթոգոլի ստորագրումէն ետք։
Խօսելով հայ-թրքական փրոթոգոլին մասին, Արցախի նախկին նախագահը անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ քաղաքականութեան մէջ միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան տարբեր մօտեցումներ։ Ամէն մէկ անհատ իր մօտեցումը ճիշդ կը նկատէ, սակայն ժամանակն է որ պիտի փաստէ անոր ճիշդ կամ սխալ ըլլալը։
Ղուկասեանի խօսքէն ետք, առիթ տրուեցաւ աշակերտներուն, որպէսզի հարցումներ ուղղեն, որոնց պատասխանեց յարգելի հիւրը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.